Category: Սփիւռք
«Երդիք»՝ Արեւմտահայերէն Նոր Մանկապատանեկան Առցանց Յայտագիր. Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն
Արեւմտահայերէնով նոր, բարձրորակ ստեղծարար յայտագիր մը ճամբայ ելաւ երեխաներու համար։ Զուարթ, սրամիտ եւ մանկավարժական մօտեցումով յղացուած այս առցանց տեսերիզները կարելի է գտնել «Երդիք»ի կայքեջին վրայ (www.yertik.com) կամ ԵուԹիւպով (երդիք – […]
44-օրեայ Պատերազմի Մասնակիցներուն Լսողութիւնը Բարելաւող Սարքեր Կը Տրամադրուին Հոգատար Հայրենակիցներու Ջանքերով
Երեւանի մէջ մեկնարկած է արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին լսողական խնդիրներ ստացած՝ հայրենիքի պաշտպաններուն լսողական սարքեր տրամադրելու ծրագիր։ Անիկա կ՝իրականացուի «Արաբկիր» միացեալ մանկական բարեգործական հիմնադրամի, «Արաբկիր» բժշկական համալիրի, Լոս Անճելըսի «Հայաստան. […]
Փասատինայի Հայկական Ճեմարանը Տօնեց Հայաստանի Անկախութեան 30-ամեակը
Երկուշաբթի, 20 Սեպտեմբերին, Փասատինա քաղաքի «Պլեր» վարժարանի նորաբաց Հայկական ճեմարանը տօնեց Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակը: Աշակերտական ոգեշնչող յայտագիրը սկսաւ երկու սկաուտներ՝ Ճուլիըն Շահոյեանի եւ Յակոբ Ճապուրեանի կողմէ կատարուած դրօշակի արարողութեամբ: Երբ […]
Արցախեան 44-օրեայ Պատերազմի Նահատակներու եւ Զոհերու Յիշատակին՝ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Նոր Ջուղայի Մէջ
Կիրակի, 3 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Սիփան Ս. Եպս. Քէչէճեանի, կիրակնօրեայ ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ արժ. Տ. […]
Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հրատարակուած Բարսեղ Կանաչեանի Երաժշտական Երկերու Շնորհահանդէս՝ Երեւանի Մէջ
Հայ մեծ երաժիշտ, երգահան եւ խմբավար Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) «Երաժշտական Երկերու Ժողովածու» երկհատորեակին շնորհահանդէսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին եւ Կոմիտասի Թանգարան-Հիմնարկին միատեղ կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 1 Հոկտեմբեր […]
«Մենք՝ Նոր Սերունդ» Հաղորդումը Ի Պատիւ Ռաֆֆի Արաքսի
«Ակօս» 16 Սեպտեմբեր հինգշաբթի երեկոյ «Հայ Թերթ» համացանցային հարթակի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ առցանց ասուլիս մը, նիւթ ունենալով «Մարմարա» օրաթերթի էջերուն մէջ լոյս տեսած «Մենք՝ նոր սերունդ» յաւելուածի ոդիսականը։ Միջոցառման գաղափարը […]
Քոնկրեսականներ Հայաստանին Յաւելեալ Պատուաստներ Տրամադրելու Կոչ Կ՛ընեն Պայտընին
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ կարգ մը քոնկրեսականներ կոչ ըրած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին, որ համաճարակին դէմ պայքարը աւելի ազդու դարձնելու նպատակով, Հայաստանին յաւելեալ պատուաստներ տրամադրէ՝ […]
Կենսաբան Արտէմ Փաթափութեան Տիրացաւ Նոպէլեան Մրցանակի
Նոպէլեան յանձնախումբը 4 Հոկտեմբերին հաղորդեց, թէ այս տարուան բժշկութեան բնագաւառի մրցանակին տիրացած երկու գիտնականներէն մէկը հայազգի կենսաբան Արտէմ Փաթափութեանն է, որ մրցանակը պիտի կիսէ ամերիկացի Տէյվիտ Ճուլիըսին հետ: Այս մասին […]
«Թիւֆէնքեան» Հիմնադրամը Մարտունիի Դպրոցներուն Տարրալուծական Սարքեր Նուիրած Է
«Թիւֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամը, իր ծրագիրներու ծիրէն ներս, Արցախի Մարտունի քաղաքի եւ շրջանի դպրոցներուն նուիրաբերած է տարրալուծական սարքեր: Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ ծրագիրէն օգտուած են շրջանի շուրջ 29 դպրոցներ: Ընդհանուր առմամբ` նուիրաբերուած է […]
Ուաշինկթըն Միայն 2․5 Միլիոն Տոլարի Աջակցութիւն Կը Տրամադրէ Արցախէն Տեղահանուածներուն
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի վրայ Ազրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումէն մէկ տարի ետք, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման հիմնարկը խոստովանած է, թէ միայն 2․5 միլիոն տոլարի աջակցութիւն կը տրամադրէ […]










