Ազնաւուրին Նուիրուած Երեկոյ ԱՄՆ-ի Մէջ

Սփիւռք

Համաճարակին պարտադրած մօտաւորապէս երկու տարիներու սահմանափակումներէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով, Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Թատերական միաւորը նախաձեռնած է աշխարհահռչակ ֆրանսահայ յօրինող, երգիչ եւ դերասան Շարլ Ազնաւուրին նուիրուած ընթրիք-ներկայացում մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 30 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, Ֆերահեան վարժարանի «Աւեստիսեան» սրահին մէջ (5300 White Oak Ave,. Encino, CA 91316):

Պիտի մատուցուին Ազնաւուրէն երգեր, պատմութիւններ եւ կարճ ներկայացումներ, ինչպէս նաեւ ֆրանսական ճաշեր եւ գինի։

«Քեզի համար՝ Ազնաւուր» (Pour Toi Aznavour) ձեռնարկին մասնակցութեան սակը 75 տոլար է։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տեղեր ապահովելու համար դիմել՝ (818) 425-6520 եւ (714) 403-0875 թիւերուն կամ aravahak@gmail.com հասցէին։