«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ. Մէկ Միլիոն Ամերիկեան Տոլար` Լիբանանահայութեան Հրատապ Կարիքներուն

Հայաստան, Սփիւռք

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու տեղական մարմինին ջանքերով Սեպտեմբեր 2021-ի ընթացքին 1.000.000 ամերիկեան տոլար հաւաքագրուած եւ փոխանցուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային, ինչպէս նաեւ հայ կրթական հաստատութիւններու կարիքները հոգալու նպատակով: Սոյն դրամահաւաքը արձագանգն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի համայն հայութեան ուղղուած կոչին:

Հիմնադրամը, հաւատարիմ մնալով իր համահայկական առաքելութեան, ամուր կանգնած է Լիբանանի մէջ գործող հայկական կրթօճախներու եւ լիբանանահայութեան կողքին: Այս օժանդակութիւնը շարունակական բնոյթ կը կրէ եւ սկիզբ առած է տակաւին դեկտեմբեր 2019-ին, երբ Լիբանանի մէջ խորացաւ տնտեսական ճգնաժամը: Յաջորդ աջակցութիւնը օգոստոս 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումէն անմիջապէս ետք հիմնադրամին նախաձեռնած դրամահաւաքն էր: Այնուհետեւ սոյն թուականի ապրիլ ամսուն եւս որոշակի դրամական աջակցութիւն ցուցաբերուեցաւ տեղւոյն հայ կրթական հաստատութիւններուն` ընդհանուր առմամբ շուրջ 600.000 ամերիկեան տոլար:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր երախտիքը կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն, հիմնադրամի ցանցին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու տեղական մարմինին` Armenia Fund Inc. կազմակերպութեան` լիբանանահայութեան գոյապահպանման խնդիրներուն արագ արձագանգելու եւ տեղւոյն վրայ դրամահաւաք կազմակերպելու համար:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր զօրակցութիւնը կը բերէ Լիբանանի անքակտելի մաս հանդիսացող հայ համայնքին` յոյս յայտնելով, որ կայունութիւնն ու բարեկեցութիւնը մօտ ապագային կը վերահաստատուին Լիբանանի մէջ:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի առաքելութիւնը համահայկական ցանցային համակարգի ձեւաւորումն է, որուն նպատակը Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներու համաչափ, կայուն եւ փոխկապակցուած զարգացման ապահովումն է` հիմնուելով ընդհանուր ինքնութեան վրայ: