Եւրոպայի Խորհուրդի Նախարարներու Կոմիտէի Անդամ Դեսպաններուն Ներկայացուեցան Ազրպէյճանական Խախտումները

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան ընդունեց Եւրոպայի խորհուրդի (ԵԽ) նախարարներու կոմիտէի ժողովրդավարութեան հարցերու բարձրաստիճան զեկուցողներու խումբ մը` պատուիրակութեան նախագահ, ԵԽ-ի մօտ Շուէտի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Մարթին Էհնպերկի ղեկավարութեամբ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Lragir.am-էն։

Հանդիպումին մասնակցեցաւ Եւրոպական խորհուրդին մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Պարոյր Յովհաննիսեան:

Պատերազմական յանցանքներու ապացոյցները եւ խոշտանգումներու հիմնաւորումները Արման Թաթոյեան ներկայացուց՝ իրաւապաշտպան Սիրանոյշ Սահակեանի հետ:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ներկայացուց Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 2020-ին, Արցախի մէջ տեղի ունեցած պատերազմին ընթացքին Ազրպէյճանի զինուած ուժերու պատերազմական յանցագործութիւնները: Ան դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճանի յարձակումներուն ընթացքին կը գործադրուէին անմարդկային եւ դաժան վերաբերմունք, գլխատումներ ու խոշտանգումներ՝ թէ՛ ռազմագերիներու եւ թէ քաղաքացի գերիներու նկատմամբ:

Արման Թաթոյեան ներկայացուց նաեւ ապացոյցներ, ըստ որոնց հայատեացութիւնը Ատրպէյճանի մէջ փակ շղթայի մէջ է` բարձրագոյն մակարդակէն մինչեւ ամէնէն ցածը։

Ան նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայաստանի սահմանային բնակիչներու իրաւունքներու խախտման փաստերուն վերաբերեալ: Ըստ Թաթոյեանի՝ պետական սահմանին վերաբերող հարցերը պէտք է դիտարկուին  մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէբ, որպէսզի անոնք երկրորդական չնկատուին եւ չսահմանափակուին այդ իրաւունքները պաշտպանելու պետութեան հնարաւորութիւնները:

«Ազրպէյճանական զինուորականներու անօրինական ներկայութիւնը ՀՀ ինքնիշխան տարած, օրինակ` Սեւ լիճ, անվտանգային լրջագոյն խնդիրներ առաջացուցած է շրջակայ բնակավայրերու համար, քանի որ կը գտնուին թիրախի վրայ, իսկ ազրպէյճանական զինուորականները նաեւ կրակոցներ կ՝արձակեն: Բացի այդ, մարդոց մէկ մասը չի կրնար զբաղիլ անասնապահութեամբ, որ իրենց ընտանիքներուն եկամտի աղբիւրն է, իսկ Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզերուն մէջ խոշոր ու մանր եղջերաւոր կենդանիները չեն կրնար պահել արօտավայրերու մօտ առկայ անասնագոմերուն մէջ, ջուր խմցնել կամ արածեցնել առանձին վայրերու մէջ. վտանգուած է ջրային պաշարներու հասանելիութիւնը ոչ միայն Սիւնիքի, այլ նաեւ Գեղարքունիքի մարզ: Աւելին, շարք մը գիւղեր զրկուած են ջուրէ»,- յայտնեց Թաթոյեան:

Ան նշեց, որ Ազրպէյճանի հետ միայն սահմանազատումը` առանց անվտանգութեան գօտի ստեղծելու, առանց ազրպէյճանցի զինուորներու, անոնց ցուցանակներու ու տեսախցիկներու հեռացման, ոչ միայն չ՛ապահովեր Հայաստանի քաղաքացիներու եւ յատկապէս Հայաստանի սահմանային բնակիչներու իրաւունքները, այլ կը դառնայ իրաւունքներու նոր խախտումներու եւ նոր լարուածութեան պատճառ:

Հանդիպման ընթացքին Արման Թաթոյեան եւ Սիրանոյշ Սահակեան մանրամասնօրէն անդրադարձան նաեւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու վերադարձի հրատապութեան` նշելով, որ զանոնք  «ահաբեկիչներ» կամ «ներթափանցողներ» ներկայացնելը կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային պահանջները:

Սահակեան շեշտեց, որ հայկական կողմի բոլոր զինուորները եւ քաղաքացիները կարգավիճակով գերիներ են, պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին եւ վերադարձուին հայրենիք` առանց որեւէ քաղաքական կամ այլ նախապայմանի, իսկ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն արհեստական ձգձգումը կը քաղաքականացնէ գործընթացը` կոպտօրէն ոտնահարելով գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն իրաւունքները, անոնց պատճառելով տառապանքներ եւ յառաջացնելով լարուածութիւն հասարակութեան մէջ: