Լիբանանահայ Եւ Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Եւ Գործիչներ Կը Գրեն Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

«ԱԶԴԱԿ» Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով լիբանանահայ եւ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ գործիչներ «Էքս» հարթակին վրայ կատարեցին գրառումներ, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու եւ կարճ նամակներու ընդմէջէն կեցուածք արտայայտեցին: Այս սիւնակներով կ՛անդրադառնանք […]

Քեպէգի Ազգային Ժողովը Միաձայնութեամբ Որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Արցախի Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւ

«ՀՈՐԻԶՈՆ» 24 Ապրիլ 2024-ին, Քեպէգի Ազգային ժողովը նիստին ընթացքին, միաձայնութեամբ ընդունուեց բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին հանդէպ: Նոյն բանաձեւին մէջ […]

թուրքիոյ Քրտամէտ Կուսակցութիւններն ու Կազմակերպութիւնները անգարային Կոչ Ըրած են Դադարեցնելու Հայոց Ցեղասպանութեան Ուրացումը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին թուրքիոյ մէջ քրտամէտ քաղաքական կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները կրկին կոչ ըրած են ճանչնալու անցեալի վայրագութիւնները եւ ապագային հաւասար վերաբերմունք ցուցաբերելու բոլոր քաղաքացիներուն հանդէպ: Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, […]

Չիլիի Պատգամաւորներու Պալատը Ապրիլ 24-ը Յայտարարած է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Ազգային Օր

Չիլիի Պատգամաւորներու պալատը հաւանութիւն տուած է իւրաքանչիւր տարուայ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ազգային օր յայտարարելու նախագիծին: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով DiarioArmenia-ն։ Բանաձեւը ներկայացուցած է պատգամաւոր Քրիստիան […]

Գանատահայութիւնը Իր Պահանջատիրութեան Ձայնը Բարձրացուց Օթթաուայի Մէջ

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ին, տեղի ունեցաւ «Անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւնը հաւասար է շարունակուող ցեղասպանութեան» լոզունգով, Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած քայլերթը Օթթաուայի մէջ, մասնակցութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի […]

Քաղաքացիներն Ինքնաբուխ Փակած են Հիւսիս-Հարաւ Մայրուղին՝ Պռոշեանի Հատուածին Վրայ

Քիչ առաջ քաղաքացիները Կոտայքի մարզի Պռոշեան գիւղի հատուածին վրայ ինքնաբուխ փակած են Հիւսիս-Հարաւ մայրուղին։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։ Ըստ աղբիւրին՝ Տաւուշի մարզի Կիրանց գիւղին մէջ բնակիչները համայնքով անցնող կամուրջը, […]

Գամիշլիահայութիւնը Իր Յարգանքի Տուրքը Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած Նահատակներու Յիշատակին

Բժշկհ. Մարի Մելքոն «Քալէ՛, հա՛յ ժողովուրդ, հրդեհից ելնողը կայծից չի վախնայ» Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ բարեխօսական կարգ կատարուեցաւ նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական […]

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ Տարելիցին Առիթով Քայլարշաւ Մոմավառութիւն եւ Ծաղկեմատոյց Դամասկոսի Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթողներուն Դիմաց

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ» Մարի Գարակէօզեան Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ին, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան «Ռոստոմ» մասնաճիւղի պատանիները, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան «Դրօշակ» մասնաճիւղի ընկերները եւ ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի մասնաճիւղի քոյրերն ու եղբայրները Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը […]

Սուրիական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը Երեւանի Մէջ Մասնակցեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ Տարելիցի Ոգեկոչումին

Սուրիական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Երեւան ժամանեց Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի ոգեկոչական արարողութիւններուն մասնակցելու։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»-ը։ Պատուիրակութիւնը նախագահեց Սուրիոյ Խորհրդարանի փոխնախագահ Աքրամ Աճալանին, ներկայութեամբ սուրիական-հայաստանեան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբի նախագահ […]