Ամերիկեան Կառավարութիւնը Մտադիր Է Դադրեցնել Արցախին Տրամադրուող Ելեւմտական Աջակցութիւնը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մտահոգիչ հաղորդագրութիւններ ստացած է, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը մտադիր է երկու ամսուան ընթացքին դադրեցնել Արցախին տրամադրուող ելեւմտական աջակցութիւնը, որուն տրամադրումը նախապէս հաստատուած էր Քոնկրեսին կողմէ: Նախապէս […]

Հայաստանի Մէջ Պիտի Իրականացուին Միջազգային Բանակային Խաղերու «Խաղաղութեան Մարտիկ» Մրցումները

«Միջազգային բանակային խաղեր-2019» մրցաշարին ծիրէն ներս, Օգոստոս 3-15, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պիտի իրականացուին «Խաղաղութեան մարտիկ» մրցումները: ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ «Խաղաղութեան մարտիկ» մրցումներուն պիտի մասնակցին […]

«Եռաբլուր»-ի Մէջ Պղծած Են Ապրիլեան Պատերազմին Զոհուածներու Շիրմաքարերը

«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ՝ անյայտ անձեր պղծած են Ապրիլեան պատերազմին զոհուած զինծառայողներուն շիրմաքարերը. յատուկ նիւթով մը շիրմաքարերու նկարներուն վրայ եւ անոնց շուրջը բիծեր եղած են: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Facebook-ի վրայ այս մասին […]

Արցախի Ղեկավարութիւնը Լրջօրէն Կը Պատրաստուի Համահայկական Խաղերուն

Չորեքշաբթի, 31 Յուլիսին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, որ անձնապէս կը վերահսկէ Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու նախապատրաստական աշխատանքներուն, այս անգամ հրաւիրեց ընդլայնուած խորհրդակցութիւն մը՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ […]

Ցեղասպանութեան Թանգարանը Ցուցահանդէսով Պիտի Անդրադառնայ Առաջին Աշխարհամարտին Կռուած Հայ Ռազմիկներուն

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, Օգոստոս 31-ին, պիտի բացուի աւստրիացի հայագէտ, Զալցպըրկի համալսարանի Քրիստոնեայ Արեւելքի հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն, դոկտոր-փրոֆէսըր Եասմին Տում-Թրակուդի հետազօտական նախագիծը՝ ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը: Պիտի ներկայացուին պատկերագիրք՝ նուիրուած Առաջին աշխարհամարտի […]

ՀՀ Պետական Պիւտճէի Եկամուտները 152 Միլիառ Դրամով Աւելցած են

ՀՀ պետական պիւտճէի եկամուտները՝ 2019-ի առաջին կիսամեակին՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աւելցած են 25.1%-ով կամ 152 միլիառ դրամով: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ կառավարութեան Facebook-ի պաշտօնական էջը: «2019-ի առաջին […]

Հայ Դատի Յանձնախումբը Այս Տարի ԱՄՆ-էն Հայաստանի Համար 85 Միլիոն Տոլարի Աջակցութեան Յոյս Կը Յայտնէ

Հայաստանը, անկախութենէն ի վեր, ԱՄՆ-էն ստացած է 2 միլիառ տոլարի չափով օգնութիւն: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ մամուլի այսօրուան ասուլիսին ընթացքին՝ ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Յովսէփեան նշած է, որ այդ […]

Շատ Հետաքրքրական է Տեսնել, Թէ Սփիւռքահայերը Որքան Կապուած Են Իրենց Հայրենիքին. Արիզոնայի Նահանգային Ծերակուտական

Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Ելենի Գունալագիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացուցած է արդիւնաւէտ ու կարեւոր հանդիպումներ՝ նախանշելով համագործակցութեան ուղղութիւնները: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այսօր հրաւիրուած ասուլիսի մը ընթացքին՝ Ելենի Գունալագիս շնորհակալութիւն յայտնած է լաւ ընդունելութեան համար: Ան առանձնացուցած է […]

Հայաստանի Մէջ Երիտասարդութիւնը Մեծ Դերակատարութիւն Ունի Իբրեւ Շարժիչ Ուժ. Տանէա Էսքար

ԱՄՆ Քոլորատօ նահանգը հետաքրքուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները աշխուժացնելու հարցով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, այսօր կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, նշած է Քոլորատոյի նահանգային պատգամաւոր Տանէա Էսքար։ Պատգամաւորը, Հայաստան գտնուելու օրերուն, […]

Կլենտէյլի Մէջ Հայ-ամերիկեան Թանգարան Պիտի Կառուցուի

Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ պիտի կառուցուի Հայ-ամերիկեան թանգարան: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, այսօր կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին յայտնած է Լոս Անճելըսի մարզի ներկայացուցիչ Քաթրին Պարկըր: «Արդէն նուիրաբերութիւններ կան, Լոս Անճելըսի […]