Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ Տարելիցին Ընդառաջ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը Կը Կազմակերպէ Ամենամեայ Ջահերով Երթը

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին ընդառաջ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը կը կըկազմակերպէ ամենամեայ ջահերով երթը։ Ջահերով երթը այս տարի պիտի սկսի Հանարապետութեան հրապարակէն՝ Ապրիլ 23-ին, ժամը 19։15-ին։ ՀՅԴ ՀԵՄ-ը, ինչպէս ամէն […]

Վազգէն Թեւանեանը Նուաճեց Եւրոպայի Ախոյեանի Տիտղոսը

Վազգէն Թեւանեանը ոսկի մետալ նուաճեց Զակրեպի մէջ իրականացուող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի առաջնութեան: Այս մասին կը հաղորդէ News.Sport.am-ը։ Մ23 աշխարհի ախոյեանը 65 քկ քաշայիններու եզրափակիչին մրցեցաւ Մ23 աշխարհի փոխ ախոյեան, […]

«Այսօրուան Մեր Ճգնաժամը Հոգեւոր-բարոյական Արժէքային Ճգնաժամ է». Առցանց Զրոյց Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Բագրատ Արք. Գալստանեանի Հետ

«Հորիզոն» Կիրակի, 16 Ապրիլ 2023-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Դաստիարակչական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ հրապարակային առցանց զրոյց Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանի հետ, «Եկեղեցւոյ դերը մեր գոյատեւման […]

Միայն Կապան Համայնքի Տարածքէն ազրպէյճանական Գրաւման Ներքոյ Յայտնուած է 2,700 Հեկտար. «Թաթոյեան»

«Թաթոյեան» հիմնադրամը ամփոփած է Սիւնիքի մէջ իրենց փաստահաւաք աշխատանքներու մէկ մասին արդիւնքները` «Միայն Կապան համայնքի տարածքէն եւ միայն 2022թ. Սեպտեմբեր 13-14-ի ազրպէյճանական զինուած յարձակումներու եւ յանցաւոր ներխուժումներու հետեւանքով ազրպէյճանական գրաւման […]

Գոռ Սահակեանը Եւրոպայի Առաջնութեան Նուաճեց 3 Ոսկի Մետալ՝ Հռչակուելով Ախոյեան

Հայաստանը առաջին ոսկի մետալները նուաճեց Երեւանի մէջ իրականացուող ծանրամարտի Եւրոպայի առաջնութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ News.Sport.am-ը։ Երկամարտի 320 քկ արդիւնքով 67 քկ քաշային կարգի մէջ հաւասարը չունեցաւ Գոռ Սահակեանը։ Երիտասարդներու […]

Միութիւն Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Կազմակերպութեան Թուրք եւ Քիւրտ Անդամներու Հետ Հանդիպում Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնէն Ներս

Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնը 20 Ապրիլին, ժամը 18։30-ին, կը կազմակերպէ հանդիպում Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրդ քաղաքին մէջ 20 տարիէն աւել գործունէութիւն ծաւալող Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան կազմակերպութեան թուրք եւ քիւրտ անդամներու հետ։ Նշենք, […]

Հալէպի Մէջ Զօրակցական Միասնակամ Հաւաք՝ Յանուն Արցախի

Կիրակի, 16 Ապրիլին, Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս հազարաւոր հալէպահայերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք` յաջակցութիւն աւելի քան 125 օր շրջափակուած Արցախին ու արցախցիներուն։ Հաւաքը կը վայելէր հովանաւորութիւնը […]

Ծանրամարտի Եւրոպայի 2023 թ․ Առաջնութեան Բացման՝ ազրպէյճանի Դրօշը Վառեցին եւ Հեռացուցին Դահլիճէն (տեսանիւթ)

Ծանրամարտի Եւրոպայի առաջնութեան բացման արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ դրօշներու շքերթ։ Երրորդ երկիրը յայտարարուեցաւ ազրպէյճանը: Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի լեփ-լեցուն դահլիճին մէջ ներկաները սուլեցին, երբ դահլիճ բերին ազրպէյճանի դրօշը։ Այս […]

Եւրոպայի մէջ ազրպէյճանական Հակաքարոզչութեան Հակադարձելու, Անոնց Հերթական Սադրանքը Ձախողցնելու Ուղիներ Մշակուած Են

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին հրաւէրով, Ապրիլ 13-ին տեղի ունեցած է ՀՅԴ Հայ Դատի եւրոպական երկիրներու մէջ գործող յանձնախումբերու պատասխանատուներու առցանց քննարկում, որուն մասնակցած են աւելի քան տասը երկրի մէջ […]

Շուշիի Մանուկները Շնորհաւորած Են Խորհրդարանի Կին Պատգամաւորներն ու Աշխատակազմի Կիները

Գարնանային տօներուն առիթով՝ Շուշիի մանուկները շնորհաւորած են Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի կին պատգամաւորներն ու աշխատակազմի կիները։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ԱՀ Ազգային ժողովի մամուլի ծառայութենէն: Նարինէ Աւանէսեանի ղեկավարութեամբ մանուկները հանդէս եկած […]