ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանեան Լրատուամիջոցներուն Փոխանցեց Արցախի Շրջափակման Վերաբերեալ Ականաւոր Ցեղասպանագէտներու Դիրքորոշումները

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը Օգոստոս 14-ին լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Տարբեր երկիրներէ ականաւոր ցեղասպանագէտներ բաց նամակ մը յղած են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին, Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին եւ Ցեղասպանութեան […]

Արցախի Հայերուն Օգնելու Սպանիոյ Որոշումը ազրպէյճանի ԱԳՆ-ն «Ապակառուցողական» Անուանած է

ազրպէյճանի ԱԳՆ-ն արձագանգած է Ռուսիոյ մէջ Սպանիոյ դեսպանատան որոշման՝ աջակցիլ Արցախէն Հայաստան տեղահանուած 250 ընտանիքի։ «Տարօրինակ է տեսնել, թէ ինչպէս երկիր մը, որ կը պայքարի իր տարածքին մէջ անջատողականութեան դէմ, […]

Արցախի Մէջ Սովամահութեան Դէպք Արձանագրուած է

Արցախի Հանրապետութեան մէջ սովամահութեան դէպք գրանցուած է։ Այս մասին Facebook-ի իր էջով տեղեկութիւն տարածած է ԱՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Գեղամ Ստեփանեան։ «Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմ ստացուած տեղեկատուութեան եւ ՄԻՊ […]

Այնքան Պիտի Պայքարինք, Որ Վրաց Հասարակութիւնը Տեղեկացուած Ըլլայ Արցախի Խնդրին. Արթուր Միրզոյեան

Վրաստանը չեզոք դիրքորոշում կը ցուցաբերէ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ, որ ցաւալի է: Այս մասին Alpha News-ի ուղիղ եթերով ըսած է «Վրաստանի հայ համայնք» ՀԿ նախագահ Արթուր Միրզոյեան՝ ներկայացնելով Վրաստանի […]

«Բացէք Բերձորի Ճանապարհը». Ամերիկահայերու Ցոյցը՝ Լոս Անճելըսի Մէջ պաքուի Հիւպատոսարանին Դիմաց

ԱՄՆ-ի հայ համայնքի ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց կազմակերպած են՝ ի պաշտպանութիւն արդէն 8 ամիս շարունակ շրջափակուած Արցախի։ Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։ Ամերիկահայերը հաւաքուած են Լոս Անճելըսի մէջ պաքուի հիւպատոսարանին դիմաց՝ […]

Արցախի Փրկութիւնը՝ Համահայկական Առաջնահերթութիւն. Արամ Ա. Վեհափառ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա. Վեհափառի Հայրապետական պատգամը Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան առիթով, 12 Օգոստոս 2023ին։ Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Արցախի պարզած ներկայ ճգնաժամային կացութեան։ Շրջափակումի են­թարկուած […]

Ամերիկահայերը 5-րդ Օրն է Կը Շարունակեն Նստացոյցը՝ Իբրեւ Աջակցութիւն Շրջափակուած Արցախի (տեսանիւթ)

Լոս Անճելըլսի հայերը արդէն 5-րդ օրն է, որ կը շարունակեն բողոքի ցոյցերը` Բերձորի միջանցքի շրջափակման վերջ տալու եւ Արցախի մէջ խորացող մարդկայնական ճգնաժամը կանխելու նպատակով։ Անոնք նստացոյց յայտարարած են եւ […]

Արցախը Համահայկական Օրակարգի Կիզակէտն Է. Արամ Ա. Կաթողիկոս

10 Օգոստոս 2023-ին, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան հեռաձայնային կապ հաստատեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ս. Օծութեան իրեն փոխանցած շնորհաւորութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներուն […]

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը Պէտք է Վճռական Գործողութիւններ Ձեռնարկէ Արցախի Մէջ Ցեղասպանութեան Զարգացումը Կանխելու Համար․ Յայտնի Ցեղասպանագէտներ

Յայտնի ցեղասպանագէտները բաց նամակ ներկայացուցած են ՄԱԿ-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ ցեղասպանութեան հնարաւորութեան վերաբերեալ։ Այս մասին կը հաղորդեն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն։ Նամակին մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուի․ «Ն.Գ. Անթոնիօ ԿուտերեշՄԱԿ-ի գլխաւոր […]

Սպասելի է, որ Իրանը Կարելին Շարունակէ Կատարել Բերձորի Միջանցքի Վերաբացման Հարցով. Արամ Ա․ Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 10 Օգոստոս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատունէն պատուիրակութիւն մը։ Քննարկումներուն ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը դատապարտեց Շուէտի մէջ Քուրանի հրկիզման […]