Պոլսահայ Մտաւորական Ալին Օզինեանի Հեղինակութեամբ 2 Գիրք Հրատարակուած է

Աշխարհ, Էրկիր, Հայաստան

Վերջերս թրքական SRC հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Հայաստանի մէջ մշտական բնակութիւն հաստատած պոլսահայ մտաւորական Ալին Օզինեանի 2 գիրքերը։ «Մեր մէջի նուագախումբը» եւ «Արմատներ ու թեւեր» վերնագիրները կրող գիրքերով հեղինակը կ՝անդրադառնայ տարբեր ինքնութիւններ ունեցող մարդոց այն խնդիրներուն, որոնց անոնք կը հանդիպին թրքական հասարակութեան մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Արթըգերչեք» լրատուակայքը։

Աղբիւրին համաձայն՝ Ալին Օզինեանը, պոլսահայ ըլլալով, կը ներկայացնէ, թէ թուրքիոյ մէջ տարուող ինքնութեան քաղաքականութիւնը ինչպէս ազդած է տեղի քաղաքացիներուն վրայ։ Հեղինակը գիրքերուն մէջ նաեւ կը բարձրացնէ այնպիսի հարցեր, որոնց շուրջ մինչ այդ ընթերցողները դեռ չէին մտորած։ 

Ալին Օզինեանը թուրքիոյ մէջ այլազգիներու հանդէպ տարածուած բացասական վերաբերմունքին առնչուող հարցերը քննարկելով՝ կ՝ընդգծէ այն որոշիչ ազդեցութիւնը, որ այդ հարցին վրայ ունեցած է ոչ միայն քաղաքականութիւնը, այլ նաեւ՝ գրականութիւնը, արուեստը, ճարտարապետութիւնը եւ մինչեւ իսկ խոհանոցը։

«Արմատներ եւ թեւեր» գիրքով Օզինեանը կը ներկայացնէ այն աշխատանքները, որ կատարած են թուրքիոյ հայերը թրքերէնը զարգացնելու համար եւ կ՝անդրադառնայ փոքրամասնութիւններու, յատկապէս հայերու՝ թրքական մշակոյթին մէջ ունեցած ներդրման հարցին։

https://artigercek.com/kultur-sanat/alin-oziniandan-iki-yeni-kitap-icimizdeki-orkestra-ile-kokler-ve-kanatlar-261285h#google_vignette

Թարգմանութիւնը՝ Մելինէ Անումեանի

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը