Թշնամիի Կրակոցէն Զինծառայող Զոհուած է

Դեկտեմբեր 4-ին, ժամը 14։35-ի սահմաններուն, ազրպէյճանի ԶՈւ-ն  կրակած է Բարձրունիի (Վայոց Ձորի մարզ) հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական դիրքի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով զոհուած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայող Գերասիմ Աւետիքի […]

ԱԺ Պետաիրաւական Հարցերու Յանձնաժողովը Դէմ Քուէարկած է Արցախը Այլ Պետութեան Կազմի Մէջ Ճանչնալը Քրէականացնող Նախագիծին

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ժողովի պետաիրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի մեծամասնութիւնը դէմ քուէարկած է «Հայաքվե» քաղաքացիական նախաձեռնութեան օրէնսդրական նախագիծին։ Նախագիծով կ՝առաջարկուի քրէականացել Հայաստանի Հանրապետութեան անունով Լեռնային Ղարաբաղը որեւէ այլ պետութեան կազմի մէջ […]

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Եւրոխորհրդարանի Պատգամաւորին Հետ Քննարկած է ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայերու Վերադարձի Հարցը

Դեկտեմբեր 4-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ժոֆրուա Տիտիէն՝ ուղեկցութեամբ ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըգոդինյիի։ Հանդիպման […]

ազրպէյճանը Յայտարարած է Հադրութի Սբ. Յարութիւն Եկեղեցին Իբրեւ Աղուանական Վերականգնելու Մասին

ազրպէյճանը յայտարարած է Հադրութի Սբ. Յարութիւն եկեղեցին իբրեւ աղուանական վերականգնելու մասին։ Այս մասին իր Facebook-ի էջով կը հաղորդէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան Պետական խորհուրդը։ Ըստ Հադրութ քաղաքի նորամշակ գլխաւոր հատակագիծին՝ […]

ազրպէյճանը Կը Ծրագրէ Վերացնել Հայերու Ներկայութեան Բոլոր Ֆիզիքական Նշանները ԼՂ-ի Մէջ. ՄԱԿ-ի Զեկուցող

Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, որ նաեւ Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակին մէջ մշտական ներկայացուցչութիւնն է, հրապարակած է ՄԱԿ-ի մշակութային իրաւունքներու հարցերով յատուկ զեկուցողի հաղորդագրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ կրօնական նշանակալի վայրերու վիճակին […]

Բռնի Տեղահանուած Արցախցին Աբովեանի Մէջ Երեխաներու Զարգացման Կեդրոն Հիմնած է

Արցախէն բռնի տեղահանուած, Ստեփանակերտի բնակիչ Արէն Սարգսեանը ՀՀ Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքին մէջ հիմնած է երեխաներու զարգացման կեդրոն։ Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։ Արէն Սարգսեան նշած է, որ բռնի տեղահանութենէն […]

Համազգայինի «Քուրան տ՛Ար»-ի Կազմակերպած «Արցախը Եւ Մենք» Երեկոն

Կազմակերպութեամբ Մարսէյի Համազգայինի «Քուրան տ՛Ար» (Courants d՛Art: արուեստի հոսանք) գեղարուեստի դպրոցի վարչութեան, 5 Նոյեմբերին, «Լ՛աքթ 12» (L՛acte 12) սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի մասին զեկուցում-զրոյց մը: Զեկուցաբերներն էին` Եւրոպայի Հայ […]

Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ Հայ Ինքնութեան Պահպանման Խնդիր Կայ. Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպան

Մերձաւոր Արեւելքի հայկական համայնքները կանգնած են 4 գլխաւոր մարտահրաւէրի առջեւ։ Ըստ Sputnik Արմենիա-ի, այս մասին «Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հայկական համայնքները. ժամանակակից միտումներ եւ փոխակերպումներ» թեմայով գիտաժողովին ընթացքին ըսած է Հայաստանի […]

Դեկտեմբեր 2-ին Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը Դուրս Պիտի Հանուի

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հայոց առաջին լուսաւորիչներ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարդուղիմէոս առաքեալներու տօնը այս տարի պիտի տօնախմբէ Դեկտեմբեր 2-ին: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռէն: Առաքեալներուն տօնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին […]

Հայաստանը 8 Մետալ Ապահոված է Երեւանի Մէջ Ընթացող Բռնցքամարտի Պատանեկան ԱԱ-ին

Բռնցքամարտի Հայաստանի պատանեկան հաւաքականը կը պայքարի Երեւանի մէջ ընթացող աշխարհի առաջնութեան ութ մետալի համար: Այս մասին կը հաղորդէ yerkir.am-ը։ Հայաստանի խումբին համար արդէն իսկ երկու մետալ ապահոված են Ալպերթ Յարութիւնեանն […]