ԵՄ-ն ազրպէյճանին Կրկին Կոչ Կ՝ընէ Ապահովելու Բերձորի Միջանցքէն Մարդոց եւ Ապրանքներու Անխոչընդոտ Տեղաշարժը

Եւրոպական միութիւնը հաստատապէս կ՝աջակցի Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի (ԿԽՄԿ) գործողութիւններուն` իբրեւ Հարաւային Կովկասի մէջ ներկայ հիմնական մարդասիրական կազմակերպութիւն: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Եւրոպական Միութիւնը։ Հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ […]

ԿԽՄԿ Մարդասիրական Բեռներու Մատակարարումը ազրպէյճանի Կողմէ Խոչընդոտելը Պատերազմական Յանցագործութիւն է. ԱՀ ԱԳՆ

Յուլիս11-ին ազրպէյճանական կողմը հերթական անգամ արգիլած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) փոխադրամիջոցներուն տեղաշարժը Բերձորի միջանցքէն ապօրինաբար տեղադրուած հսկիչ անցակէտով՝ այդպիսով իսկ կոպտօրէն խախտելով ինչպէս միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշները, այնպէս […]

«Տիարպեքիրսփոր»-ը Իր Նոր Տարբերանշանը Հայաստանի Զինանշանը Կ՝ուզէ Ընտրել․ թուրքիոյ Մէջ Մեծ Աղմուկ Բարձրացած է

թուրքիոյ մէջ մեծ արձագանգ գտած է Տիրարպեքիրի «Տիարպեքիրսփոր» ակումբի անուան եւ տարբերանշանին փոփոխութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Aydinlik-ը։ Աղբիւրին համաձայն՝ «Տիարպեքիրսփոր»-ը դիմած է համապատասխան մարմիններուն՝ անունի եւ […]

թուրքիոյ Բողոքէն Ետք Նազիկ Աւտալեանը Ծանրամարտի Պատանեկան ԵԱ Պահեստային Մրցավար Դարձած է

թրքական եւ ազրպէյճանական զանգուածային լրատուամիջոցները տարածած էին տեսանիւթ, որուն մէջ Մոլտովայի մէջ ընթացող ծանրամարտի պատանեկան առաջնութեան ժամանակ՝ Աշխարհի ու Եւրոպայի ախոյեան, մրցաշարի մրցավար Նազիկ Աւտալեանը կքանստած է թուրքիոյ օրհներգը հնչելու […]

Հայ Պատանիներու Յաղթարշաւը Կը Շարունակուի

Հայաստանի ներկայացուցիչ Աշոտ Մարգարեանը 102 քկ քաշային կարգի մէջ նուաճած է պրոնզէ մետալ՝ ծանրամարտի Եւրոպայի մինչեւ 15 տարեկաններու առաջնութեան: Այս մասին կը յայտնէ ծանրամարտի Եւրոպայի ֆետերասիոնը: Մարգարեան ցոյց տուած է […]

Միջազգային Դատարանը Վերահաստատած է Բերձորի Միջանցքէն Ազատ Տեղաշարժը Ապահովելու Վերաբերեալ Իր Որոշումը

Արդարադատութեան միջազգային դատարանը Յուլիս 6-ին Բերձորի միջանցքին վրայ անցակէտ տեղադրելուն առնչութեամբ որոշում կայացուցած է՝ Հայաստանի դիմումին վերաբերեալ։ Այս մասին կը յայտնէ Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակը։ «Ռասայական խտրականութեան բոլոր ձեոերու […]

ԵԽ Պատուիրակութիւնը Այցելած է Բերձորի Միջանցքի Սկզբնամաս

Եւրոպայի խորհուրդի բարձր մակարդակի պատուիրակութիւն մը այցելած է 7 ամիս արգելափակուած Բերձորի միջանցքի սկզբնամաս: Այս մասին Twitter-ի իր էջին մէջ գրած է Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արման Խաչատրեան։ […]

Սումգայիթի Դատարանին Մէջ Դատախազը Հայ Գերիներուն Համար 12 Տարուան Ազատազրկում Պահանջած է

Տեղի ունեցած է ազրպէյճանի պետական սահմանը «խախտելու եւ ծանր յանցագործութիւններ կատարելու համար» (չակերտները Tert.am-ի) մեղադրուող հայ զինծառայողներ Յարութիւն Յովակիմեանի եւ Կարէն Ղազարեանի գործով հերթական դատական նիստը։ Այս մասին կը հաղորդէ […]

Իրաքի Մէջ Առեւանգած Են Իսրայէլցի Յայտնի Լրագրողը, Որ Կը Բացայայտէր 44-օրեայ Պատերազմին ազրպէյճանի Կողմէ Սուրիացի Վարձկաններու Ներգրաւումը

Քանի մը ամիս առաջ Իրաքի մէջ անհետացած Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ քաղաքացի Էլիզապէթ Ցուրգովը պատանդ վերցուած է շիաներու «Քաթայիպ Հըզպալլահ» խմբաւորման կողմէն։ Այս մասին, ըստ factor.am-ի՝ գրած է DW-ի ռուսական ծառայութիւնը՝ […]

Ուրֆայի Մէջ Հայկական Եկեղեցիի Մը Գմբէթը Փլած է

Ուրֆայի մէջ (Եդեսիա) վերջերս փլած է Գերմուշ գիւղի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ գմբէթը։ Մարտինէն ընտրուած ասորի պատգամաւոր Ճորճ Ասլանը, որ անդամ է Ձախ կանաչներ կուսակցութեան, հարցում ուղարկած է թուրքիոյ մշակոյթի […]