«Այստեղ Ձեզ Կը դիմաւորեն Ոչ Թէ Մահակներով, Այլ Ձմերուկներով»․ Թուրք Ճանապարհորդները` Հայաստան Այցի Մասին

Թուրք ճանապարհորդներ Ազիզ Քիւչուքն ու Միյասէ Փելին Թունչը թրքական gazeteduvar.com.tr կայքի իրենց սիւնակին մէջ կիսուած են դէպի Հայաստան իրենց ուղեւորութեան մասին տպաւորութիւններով: Թուրք երիտասարդները նշած են, որ Թուրքիոյ իւրաքանչիւր քաղաքացի, […]

«Խոստումը» Ֆիլմի Բեմադրիչ Թերի Ճորճ Պիտի Արժանանայ Հայ Դատի Յանձնախումբի «Ազատութեան» Մրցանակին

ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի Արեւելեան ափի գրասենեակի պատուաւոր «Ազատութեան» մրցանակին այս տարի պիտի արժանանայ յայտնի բեմադրիչ Թերի Ճորճ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը, մրցանակի յանձնման արարողութիւնը տեղի պիտի […]

Ռուանտայի Եւ Կապոնի Արտաքին Գործոց Նախարարները Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր Այցելեցին

Ռուանտայի եւ Կապոնի արտաքին գործոց նախարարներուն Հայաստան այցելութեան առթիւ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը տեղեկացուց, թէ «նախարար Մնացականեան կարեւոր կը համարէ իր գործընկերներուն այցելութիւնը՝ որպէս Ռուանտայէն […]

Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ Հայ-չինական Բարեկամութեան Դպրոցը

Երեւանի մէջ բացուեցաւ հայ-չինական բարեկամութեան դպրոցը: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` անիկա կառուցուած է Չինաստանի  Ժողովրդական Հանրապետութեան աջակցութեամբ: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան աւարտէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ՀՀ վարչապետ նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ դպրոցի աշակերտներուն համար չինարէնի ուսուցումը […]

Թուրքիոյ Մէջ Իշխանութիւնները Կ՛անտեսեն Տերսիմի Մէջ Բռնկած Անտառային Հրդեհները

Թուրքիոյ Տերսիմ (Թունճելի) նահանգի շարք մը շրջաններու մէջ արդէն 15 օրէ անտառային հրդեհները կը շարունակուին: Տեղական իշխանութիւները  չեն շտապեր որեւէ միջոց ձեռնարկելու: Բռնկած հրդեհներու դէմ չեն պայքարիր ո՛չ օդէն, ո՛չ […]

Հայաստան Պատրաստակամ է Ընդլայնելու Իսրայէլի Հետ Կապերը

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ընդգծած է Հայաստանի հետաքրքրութիւնն ու պատրաստակամութիւնը` աւելի խորացնելու Իսրայէլի երկկողմ փոխգործակցութիւնը տարբեր բնագաւառներու մէջ: Արտաքին գործոց Նախարարութեան տարարած հաղորդագրութեան համաձայն` նախարարը այս մասին նշած […]

Ռուս Սահմանապահները Ձերբակալած են Հայ-թրքական Սահմանը Ապօրինի Հատած Աֆղանիստանի Քաղաքացիներ

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան Դաշնային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերը ձերբակալած են հինգ սահմանախախտ: Վկայակոչելով ՀՀ-ի մէջ ՌԴ Դաշնային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւնները՝ Artsakhpress.am-ը կը տեղեկացնէ, թէ Արտաշատի […]

Թուրքիան Մտահոգուած է` Մերգել Հայաստան Այցին Ընթացքին «Ցեղասպանութիւն» Բառը Պիտի Հնչեցնէ՞

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերգել եռօրեայ աշխատանքային այցով պիտի այցելէ Հայաստան: Վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած տեղեկութիւնները` Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիան անհանգստացած է այն փաստէն, որ Գերմանիոյ վարչապետը պիտի այցելէ […]

Գծագրութիւններուս Միջոցով Մանկութիւնս կը Վերարժեւորուի. Ճոնաթան Շբանկենպերկ (լուսանկարներ)

Օգոստոս 17-ին, ժամը 17։00-ին, Գերմանիոյ Մարք Պրանտենպուրկի ամենահին տան մէջ տեղի ունեցաւ Ճոնաթան Շբանկենպերկի գեղարուեստական նկարներուն ցուցահանդէսին բացումը։ Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Շբանկենպերկի մանկութեան եւ Այնճարի հետ կապուած անոր աշխատանքները։ 1983-ին […]

20-րդ Դարու Ցեղասպանութեանց Նուիրուած Ցուցահանդէս Ֆրեզնոյի Համալսարանին Մէջ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի «Հենրի Մետըն» գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ 20-րդ դարու ցեղասպանութեանց նուիրուած ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է գլխաւորաբար Հայոց […]