Թուրքիան Մինչեւ Վերջ Ղարաբաղեան Տագնապը Լուծելու Հարցին Մէջ Պիտի Աջակցի Ատրպէյճանին. Էրտողան

Ատրպէյճանի ուրախութիւնը Թուրքիոյ ուրախութիւնն է, Ատրպէյճանի ցաւը Թուրքիոյ ցաւն է։ Սեպտեմբեր 15-ին, այս մասին Պաքուի մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` թրքական Կովկասեան բանակին նուիրուած հեծելազօրքի շքերթի ընթացքին […]

Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութիւնը Պատուած Է Նորա Արիսեանի Գործերը

Դամասկոսի «Տումմար» մշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցած է յատուկ ձեռնարկ, որուն ընթացքին Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը «Լուսամուտներ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ պատուած է Նորա Արիսեանի գիտական եւ թարգմանական գործերը: «Լուսամուտներ» նախաձեռնութեան հիմնադիր […]

Հայ Դատը Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Քուէարկութեան Դնելու Արշաւի Կը Նախաձեռնէ

Մինչ Անգարայի աւանդական ջատագովները եւ պաշտպանները նեղ կացութեան մատնուած են Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուած յարաբերութիւններուն հետեւանքով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է ստորագրահաւաքի մը՝ կոչ ընելու համար Ներկայացուցիչներու […]

Հայաստան Ինքնիշխան Պետութիւն Է, Եւ Իմ Կառավարութիւնս Հանդէս Կու Գայ Բացառապէս Մեր Ժողովուրդի Եւ Մեր Երկրի Շահերէն Մեկնած. ՀՀ Վարչապետ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի վարած արտաքին քաղաքականութեան` ընդգծելով, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի վրայ: Ըստ «Ազդակ»-ի՝ լրագրողը […]

Թուրքիոյ Մէջ Հին Հայկական Պղնձէ Ափսէներ Կը Վաճառուին 10 Հազար Տոլարով

Թուրքիոյ յայտնի համացանցային յայտարարութիւններու կայքին հին հայկական պղնձէ ափսէներ յայտնուած են վաճառքի, կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը: Վաճառողը յայտարարութեան մէջ գրած է, թէ յիշեալ ափսէները 150 տարիէն աւելի իրենց ընտանիքի մօտ են […]

Հիմա Ամենակարեւոր Շրջափուլն է, Երբ Հայաստանի Մէջ Պէտք է Ապահովենք Տնտեսական Յեղափոխութիւն. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը իմաստ չունենար, եթէ հնարաւոր չըլլայ հասնիլ նաեւ տնտեսական յեղափոխութեան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, ՀՀ վարչապետը այս մասին ըսած է […]

Ամերիկայի Մէջ Թուրքիոյ Ի Նպաստ Քարոզչութիւն Կը Կատարեն 21 Ընկերութիւններ

Միացեալ Նահանգներու մէջ լոպիական գործունէութիւն կատարող աւելի քան 20 ընկերութիւն, գումարներ ստացած են Թուրքիոյ շահերը պաշտպանելու եւ Անգարայի ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու համար, մինչ այդ, Թուրքիոյ տնտեսութիւնը կը դիմագրաւէ ազգային […]

Ալֆորվիլ Քաղաքին Մէջ Մեկնարկած են «Ֆրանսայի Մէջ Արցախի Օրեր»-ու Ծիրէն Ներս Ընթացող Ձեռնարկները

Սեպտեմբեր 8-ին, Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքին մէջ մեկնարկած են «Ֆրանսայի մէջ Արցախի Օրեր» փառատօնի ծիրէն ներս ընթացող ձեռնարկները, որոնք կը շարունակուին մինչ Սեպտեմբեր 17: Հանդիսաւոր բացման արարողութեան մասնակցած են Ֆրանսայի մէջ […]

Թուրքիոյ Գերագոյն Դատարանը Մերժած է Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիայի Տաճարը Մզկիթի Վերափոխելու Պահանջը

Թուրքիոյ գերագոյն դատարանը մերժած է Պոլսոյ յայտնի Սուրբ Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերափոխելու պահանջը: Ըստ «Նիուզ»-ի՝ վկայակոչելով «Անատոլու» գործակալութիւնը՝  դատարանը կրօնական խումբի մը ներկայացուցած հայցը մերժած է տեխնիկական պատճառներով` այն հիմնաւորումով, որ ներկայացուած է միութեան մը, այլ ոչ առանձին անձի մը կողմէ: Նախկին բիւզանդական քրիստոնէական տաճարը մզկիթի վերափոխուած էր, երբ 1453-ին թուրք-օսմանցիները գրաւած էին Կ․ Պոլիսը: 1935-ին Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Քեմալ Աթաթիւրքը […]

2016 Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի Դէմ Ատրպէյճանի Իրականացուցած Յանցագործութիւնները կը Վերահաստատեն Ինքնորոշման Իրաւունքի Իրացման Արդիականութիւնը. Զոհրապ Մնացականեան

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ելոյթ ունեցած է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 39-րդ նստաշրջանին: ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ նախարարի ելոյթին մէջ, մասնաւորապէս, կը […]