Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հրանդ Տինքի Անուան Մրցանակի Յանձնման Արարողութիւնը

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հրանդ Տինքի անուան մրցանակի յանձնման 10-րդ ամենամեայ արարողութիւնը:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, կը յայտնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթը:

Դատական կազմին մէջ եղած է նաեւ յայտնի ռոք երգիչ Սերժ Թանքեանը:

Դատական կազմի ձայներու մեծամասնութեամբ մրցանակը յանձնուած է Մուրատ Չելիքանին, որ 1970-ականներէն մշտապէս պայքարած է յանուն մարդու իրաւունքներու եւ քանի մը անգամ բանտարկուած է ատոր համար:

Արտասահմանէն Հրանդ Տինքի մրցանակին արժանացած է Ռատիա ալ-Մութաւեքելը, որ Եմենի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միութեան անդամ է:

Հրանդ Տինքի անուան մրցանակին կ՛արժանանան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ ներդրում ունեցած անհատներ թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ արտասահմանեան քաղաքացիներ: