Քանի Մը Ամիսէն Կարելի Պիտի Ըլլայ Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարը Աւարտած Նկատել. Ճեֆրի

Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի յայտարարած է, թէ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարը կարելի պիտի ըլլայ աւարտած նկատել ընդամէնը քանի մը ամիսէն: Այս մասին կը […]

Վաղուայ Առաջնորդ կը Դառնան Անոնք, Որոնք կը Գիտակցին Աշխարհի Մէջ Կատարուող Սրընթաց Փոփոխութիւններու Կարեւորութիւնը. ՀՀ Նախագահ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Նոյեմբեր 14-ին, Հռոմի մէջ մասնակցած է «Թուային աշխարհաքաղաքականութիւն. նոր սահմաններ, աճ եւ ազգային անվտանգութիւն» խորագիրը կրող գիտաժողովին: ՀՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու […]

Եւրոխորհրդարանը Կողմ է Թուրքիա-ԵՄ Բանակցութիւններու Պաշտօնապէս Առկախման

Եւրոխորհրդարանի Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Քեթի Փիրի ներկայացուցած է Թուրքիոյ վերաբերեալ իր հերթական զեկոյցին նախնական տարբերակը։ Նոյեմբեր 14-ին, Սթրազպուրկի մէջ ներկայացուած փաստաթուղթին մէջ, Փիրի կոչ ըրած է պաշտօնապէս առկախելու ԵՄ-Թուրքիա բանակցութիւնները, […]

Իբրեւ Պահեստ, Ախոռ եւ Բրինձի Գործարան Օգտագործուած Հայկական Եկեղեցին Աւերման Եզրին է

Տիարպեքիրի հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին աւերման եզրին է: Իր պատմութեան ընթացքին պատմական կառոյցը ծառայած է իբրեւ հացահատիկի պահեստ, ախոռ, իսկ վերջը եկեղեցին որոշ ժամանակ օգտագործուած է որպէս անմշակ բրինձի գործարան, որու պատճառով ստացած է «Չելթիք քիլիսեսի» («Անմշակ բրնձի եկեղեցի») անուանումը: Տիարպեքիրի Սուր շրջանի Ալիփաշայ թաղամասին մէջ գտնուող եկեղեցին նախապէս կաթողկէ հայերու հաւաքատեղին եղած է: Ան յայտնի է նաեւ «Խդըր–Էլիաս» անունով: Գրաւոր աղբիւրներուն մէջ Սուրբ Սարգիս […]

Դամասկոսի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը. Արիւնահոսող Վէրքը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Դամասկոսի Ալ Ասատ ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է Սուրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փօլատեանի վերջերս հրատարակուած «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը. Արիւնահոսող վէրքը» արաբերէն գիրքին շնորհահանդէսը: Այս մասին կը յայտնէ սուրիական […]

ԵԱՀԿ-ն Հայաստանի Մէջ Լայնածաւալ Դիտորդական Առաքելութիւն Պիտի Իրականացնէ

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ)` Դեկտեմբեր 9-ին տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութեան հիմնական կազմը: ՀՀ […]

Վահագն Աթաբեկեանը Նշանակուած Է Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան  հրամանագիր ստորագրած է Սամուէլ Մկրտչեանը Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն յետս կոչելու մասին: Այլ հրամանագիրով մը` Սամուէլ Մկրտչեան նշանակուած է Լեհաստանի […]

Կ՛ակնկալեմ, Որ Նախագահ Մաքրոն Շատ Ամուր Պիտի Ըլլայ Թուրքիոյ Ժխտողական Քաղաքականութեան Դէմ. Ղազարեան

Ֆրանսայի ծերակոյտի հայ անդամ Տանիէլ Ղազարեանի համաձայն, Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտի 100-ամեակը մեծ կարելիութիւն էր` յիշելու խաղաղութեան արժէքը: Այս մասին ան յայտնած է Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին: Ֆրանսահայ ծերակուտականը շնորհակալութիւն […]

Հայաստանի Ժողովուրդը Եւրոպայէն Աւելի Մեծ Աջակցութիւն Կ՛ակնկալէ. Փաշինեան

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբերին ընդունեց Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) անդամ պետութիւններու արտակարգ եւ լիազօր դեսպանները: Փաշինեան նշեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու զարգացումը Հայաստանի […]

Շուտով Լոյս Պիտի Տեսնէ «Երեսուն Տարի Տեւած Ցեղասպանութիւն. Թուրքիոյ Կողմէ Իր Քրիստոնեայ Փոքրամասնութիւններու Բնաջնջումը 1894-1924» Գիրքը

Akunq.net– փոխանցմամբ` Harvard University Press-ը կը հաղորդէ, որ 2019-ի Ապրիլին լոյս պիտի տեսնէ Իսրայէլի Նեկեւ շրջանի Պեն Կուրէոն համալսարանի պատմաբաններ Պենի Մորիսի ու Տրոր Զիեւիի հեղինակած․ «Երեսուն տարի տեւած Ցեղասպանութիւն․ Թուրքիոյ կողմէ […]