Պաքուն Բողոք Պիտի Ներկայացնէ ԱՄՆ-ին՝ Բակօ Սահակեանին Ամերիկեան Վիզա Տալու Համար

Աշխարհ, Հայաստան

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն, Նոյեմբեր 18-ին, յայտարարած է, որ դիւանագիտական խողովակներու միջոցով բողոք պիտի ներկայացնէ ԱՄՆ-ին՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին ամերիկեան վիզա տալու համար:

«Անօրինական վարչաձեւի ներկայացուցիչի մուտքը Միացեալ Նահանգներ եւ ԱՄՆ-ի տարածքին անջատական կառոյցներու խրախուսման թոյլտւութիւնը կը հակասէ այդ երկրի պարտաւորութիւններուն իբրեւ Մինսկի խումբի համանախագահի, ինչպէս նաեւ անօրինական անջատական վարչաձեւը չճանչնալու մասին ԱՄՆ-ի բազմիցս յայտնած պաշտօնական դիրքորոշման: Այդ քայլը նաեւ վնաս կը հասցնէ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային ճանապարհով»,- ըստ Azatutyun.am-ի նշուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի հաղորդագրութեան մէջ:

Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութիւնը նաեւ նշած է, որ «անջատական վարչաձեւերու խրախուսման ուղղուած նման քայլերը հարցեր կ՝առաջացնեն, կապուած Ատրպէյճանի հանդէպ ԱՄՆ-ի յարաբերութիւններու անկեղծութեան հետ»: