Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Հոգեւոր Առաջնորդներու Համատեղ Յայտարարութիւն

«Ես Տիրոջ Դիմեցի, Եւ Աղօթքիս Պատասխանեց, Զիս Ազատեց Բոլոր Վախերէս» (Սղ. 34.4) Մենք՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգաց հայ հոգեւոր առաջնորդներս, որպէս «անուշաբոյր խունկ» մեր սրտաբուխ աղօթքները կը վերառաքենք առ Աստուած […]

«Գրանդ Հոլդինգ»ը 100 Միլիոն Դրամ Փոխանցած է «Քորոնա» Ժահրը Կանխելու եւ Բուժաշխատողներուն Աջակցելու Նպատակով

«Գրանդ Հոլդինգ»ը «քորոնա» ժահրի կանխարգիլման ու յաղթահարման ուղղուած քայլերու աջակցութեան գանձապետական հաշուին փոխանցած է 100 միլիոն ՀՀ դրամ՝ վարակի տարածումը կանխելու եւ բուժաշխատողներուն աջակցելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ Aysor.am-ը։

ՆՇՄԱՐ.- «Ամերիկայի Մէջ Մանկապարտէզ․․․»

Ս. Մահսէրէճեան Միջին-արեւելքցի հայերը, որոնք տասմանեակներ առաջ նաեւ թրքախօս էին, չեմ գիտեր թէ ճիշդ ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու բերումով, բանաձեւած են մտածում մը, որ թարգմանի. «Ամերիկայի մէջ մանկապարտէզ կը փնտռէ…»։ […]

«Քորոնա» Ժահրով Վարակուած 3 Զինծառայողներուն «Կեանքին Վտանգ Չի Սպառնար»

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան այսօր հանդէս եկած է պարզաբանումով` բանակին մէջ «Քորոնա» ժահրի դէպքերու հետ կապուած: «Քորոնա» ժահրի տարածումը զինուած ուժերու մէջ կանխելու նպատակով ծաւալուն բժշկական կանխարգելիչ աշխատանքներ իրականացուցած […]

«Հայաստան» Հիմնադրամին Կողմէ Շուտով Հայաստան Պիտի Հասնին 7 Արհեստական Շնչառական Համակարգեր

 «Քորոնա» ժահրի տարածման իրավիճակը վերահսկելի դարձնելու նպատակով շարունակաբար Հայաստան կը ներմուծուին մեծ քանակով բժշկական պարագաներ, ինչպէս նաև սարքեր։ «Հայաստան» հիմնադրամէն կը տեղեկացնեն, շուտով Հայաստան պիտի հասնին 7 արհեստական շնչառական համակարգեր, […]

Վարակուած եւ Բուժում Չստացող Անձիք Հիւանդանոցներէն Պիտի Տեղափոխուին Հիւրանոցներ

ՀՀ կառավարութիւնը հիւանդանոցային հզօրութիւնները ճիշդ կառավարելու խնդիր ունի եւ այսօր հիւանդանոցներու մէջ կան վարակուածներ, որոնք ոեւէ բուժում չեն ստանար: Այդ մասին կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` աւելցնելով, որ […]