Հայաստանի Առողջապահական Համակարգը Պիտի Համալրուի 100 Շնչառական Գործիքներով, 60 Հազար Փորձարկիչով

Հայաստան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլող աշխատանքները համակարգող յանձնաժողովի նիստը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութենէն:

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան նախ անդրադարձած է «Քորոնա» ժահրով վարակաւածներու դէպքերուն եւ վարակուած անձերու առողջական վիճակին:

Ըստ անոր՝ յառաջիկայ օրերուն ՀՀ առողջապահական համակարգը պիտի համալրուի նոր սարքաւորումներով, մասնաւորապէս, 100 շնչառական գործիքներով, 60 հազար փորձարկիչով, այլ պարագաներով` դիմակներով, բժշկական յատուկ հագուստով, ակնոցներով եւ այլն:  

Այնուհետեւ քննարկուած են «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելուն ուղղուած քայլերուն, համաճարակաբանական խնդրի կառավարելիութեան, տեղաշարժի եւ տնտեսական գործունէութեան սահմանափակումներուն վերաբերող հարցեր: