Տեսէ՛ք Եւ Մտածեցէ՛ք

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Տեսէ՛ք:

«Քորոնա» ժահրի համաշխարհային աղէտ նկատուիլն ու ամբողջ աշխարհը զօրաշարժի ենթարկելով հակաքորոնա միջոցառման կիրարկումը մենք տեսանք: Շատ յստակ տեսանք, որ ինչպէ՛ս տարբեր երկիրներու ղեկավարներ իրերայաջորդ հակասական ելոյթներով, խուճապով, անկարողութեամբ, մտքի, խելքի եւ կազմակերպական թափթփածութեամբ հանդէս եկան:

Տեսէ՛ք մեծ պետութիւններու ղեկավարներուն անփառունակ եւ անհեռատես պահուածքը:

Չէ՞ որ աշխարհի ամենահզօր պետութիւնն էր Միացեալ Նահանգները: Չէ՞ որ եւրոպական բժշկական համակարգը ամէնէն վստահելին եւ կատարելագործուածն էր:

Չէ՞ որ Ռուսիան զինուժով, մարտական եւ գաղտնի սպասարկութեամբ ամէնէն անխոցելի համակարգը ունէր:

Չէ՞ որ Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Ծոցը նիւթապէս շատ հզօր էին:

Այո՛, այս բոլորը ցոյց կու տան, որ այս երկիրներու ղեկավարները  խաղաղ պայմաններու մէջ խաղացող անհեռատես ղեկավարներ էին:

Ճգնաժամի պահուն բոլորին ալ մտքի, խելքի եւ ելոյթներու անփառունակութիւնը տեսանք:

Մտածեցէ՛ք:

Ճգնաժամի օրերուն Հռոմի պապէն մինչեւ գիւղի եկեղեցւոյ քահանան կոչ կ՛ուղղեն, որ մտածենք մեր ըրածներուն մասին եւ բոլոր թշնամանքի ու ատելութեան օրակարգերը մէկդի դնենք:

Ճիշդ է, պէտք է մտածենք, որ բոլորս ալ նոյն նաւուն մէջն ենք, եւ նաւը վտանգուած է:

Մտածեցէ՛ք, որ մեր ազգային հասարակական, կուսակցական, կրօնական, ընկերային, ընտանեկան, աշխատանքի եւ այլ մարզերու մէջ մեր բոլոր քէնութիւնները, անհանդուրժողութիւնները, ատելութիւններն ու բամբասանքները մէկդի դնելու զանգը հնչած է:

Նոր էջ բանալու, նորը սկսելու, սրտերը մաքրելու եւ ձեռք-ձեռքի տալու` դժուարութիւնները դիմագրաւելու պահը եկած է:

Մտածեցէ՛ք: