ՀՕՄ-Ի ԱՏԵՆԱՊԵՏՈՒՀԻ. Համավարակի Պայմաններուն Մէջ ՀՕՄ-ի Օժանդակութեան Ծրագիրին Կիզակէտը Հայաստանն Ու Արցախն Են

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Արմէնուհի Տէրտէրեան յայտնեց, որ պսակաձեւ ժահրի համավարակին պայմաններուն տակ, ՀՕՄ-ի օժանդակութեան ծրագիրին կիզակէտը Հայաստանն ու Արցախն են: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Ըստ անոր, նկատի ունենալով, որ հայրենիքի մէջ ժողովուրդը քթակապերու, պաշտպանիչ հագուստներու, ձեռնոցներու ու քննութեան կարիք կ’ունենայ, ՀՕՄ-ը օժանդակութեան փաթեթներ կը նախաձեռնէ Հայաստանի ու Արցախի համար: Արմէնուհի Տէրտէրեան դիտել տուաւ, որ դժբախտաբար քննութիւններու միջոցներ տակաւին ձեռք չեն բերած, որովհետեւ ամբողջ աշխարհին մէջ զանոնք ձեռք բերելու դժուարութիւն կայ, սակայն պաշտպանիչ միջոցներու առաջին խմբաքանակը արդէն հասած է Հայաստան Մարտի սկիզբը, իսկ երկրորդը արդէն պատրաստ է ուղարկման:

«ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը նաեւ օգնութեան համազգային հիմնադրամ ստեղծած է, որովհետեւ մեր մտահոգութիւնը միայն ներկան չէ, այլեւ մեր ժողովուրդին ապագան` ըլլայ հայրենիքի, թէ` սփիւռքի մէջ: Պսակաձեւ ժահրի համաճարակը անցնելէ ետք պէտք է մտածենք նաեւ մեր գաղութները պահպանելու մասին», ըսաւ ՀՕՄ-ի ատենապետուհին:

Ան յայտնեց, որ տարբեր միջոցներ կը փնտռեն, որ եւրոպական երկիրներէն ու Չինաստանէն Հայաստանի ու Արցախի համար ձեռք բերեն բժշկական սարքաւորումներ, առաջին կարգին` թոքերու արհեստական օդափոխման թանկարժէք սարքեր: Տէրտէրեան ընդգծեց, որ իրենց ծրագիրները պիտի կարենան իրականացնել նուիրատուութիւններու շնորհիւ:

Ան ներկայացուց նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ, մասնաւորապէս`Քալիֆորնիոյ մէջ տիրող իրավիճակը, ընդգծեց, որ բարեբախտաբար, աշխարհի մէջ սփռուած հայկական գաղութներուն մէջ վարակուողներու թիւը տակաւին չէ աճած, թէեւ մահացողներէն մէկը հայ երիտասարդ էր, որ վերադարձած էր ճամբորդութենէն: Արմէնուհի Տէրտէրեանի տեղեկութեան համաձայն, ՀՕՄ-ը եւ ուղեկից կազմակերպութիւնները` Համազգայինը, ՀՄԸՄ-ը, Հայ Դատի գրասենեակները, ձեռք ձեռքի տուած, օգնութեան կը հասնին բոլոր կարիքաւորներուն, գաղութներու տարեց անդամներուն` մատակարարելով տաք ճաշ, առօրեայ անհրաժեշտ պարագաներով տուփեր եւ այլն:

Արմէնուհի Տէրտէրեան անդրադարձաւ նաեւ ՀՕՄ-ի 110-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը պսակաձեւ ժահրի համավարակին պատճառով չեղեալ ըլլալուն: Ան պէտք է տեղի ունենար Հայաստանի ու Արցախի մէջ աշնան եւ նուազագոյնը վեց ամոսով յետաձգուած է:

Յիշեցնենք` ՀՕՄ-ը, ՀՅ Դաշնակցութեան աջակցութեամբ, արձագանգելով Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան օժանդակութեան կոչին, առողջապահական պարագաներ, մեծ քանակութեամբ էլեկտրոնային ջերմաչափեր ուղարկած է Արցախ:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը բժշկական պարագաներու առաքման համար պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած էր ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան հետ` Մարտի սկիզբը, երբ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, Ամերիկայի Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) եւ «Chevy Chase» վիրաբուժական կեդրոնը, պսակաձեւ ժահրի տարածման եւ կանխարգիլման անհրաժեշտութենէն մեկնելով, օժանդակութիւն (դիմակներ, հականեխիչ պարագաներ, բամպակեայ սպունգներ, բախիլներ, ջերմաչափեր, ձեռնոցներ, ախտորոշիչ սարքեր եւ այլն) ուղարկեցին ՀՀ եւ Արցախ:

Յիշեցնենք, որ 21 Մարտին ՀՅԴաշնակցութեան Բիւրոն կոչ ըրած էր կուսակցական կառոյցներուն եւ ուղեկից միութիւններուն` բոլոր ջանքերը գործադրել համավարակի դէմ պայքարելու համար: