Սահմանի Վրայ Ատրպէյճանի Հրահրած Խախտումը Որեւէ Արդարացում Չունի․ Աննա Նաղդալեան

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Մարտ 30-ին հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրադրութիւնը լարելու Ատրպէյճանի փորձերը։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, այսօրուան մամուլի ասուլիսին ընթացքին ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան։

«Հրադադարի ժամանակ հրահրուած այս խախտումը որեւէ արդարացում չունի, յատկապէս այն պարագային, երբ աշխարհի բոլոր երկիրները, ինչպէս  նաեւ տարածաշրջանի բժշկական միջոցները ուղղուած են «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին»,- նշած է Նաղդալեան։

Յիշեցնենք, որ Մարտ 30-ին, ժամը 19:00-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական կողմը ձեռնարկած էր ներթափանցման յարձակման փորձ Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեանի շրջանի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հայկական դիրքապահ ուժերու գործողութիւններուն շնորհիւ՝ հակառակորդը ետ շպրտուած էր, կորուստներու վերաբերեալ տեղեկութիւնները կը ճշտուին: Հայկական կողմը կորուստներ չունի, գործողութիւններուն հետեւանքով թեթեւօրէն վիրաւորուած է երկու զինծառայող: Միաժամանակ, հակառակորդը թիրախաւորած է Բաղանիս եւ Ոսկեւան գիւղերը, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է Ոսկեւան համայնքի բնակիչ փոքրիկ մը, որ այդ պահուն եղած է պատշգամի մէջ: Փոքրիկի կեանքին վտանգ չի սպառնար, բժիշկները անոր վիճակը կը գնահատեն կայուն ծանր: Փոքրիկը տեղափոխուած է Երեւանի «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոն: