Դպրոցական Վերամուտ` Նոր Պայմաններով. 1-ին Դասարանի Աշակերտները Այսօր Դպրոց Կ՛երթան

Դպրոցական վերամուտը Հայաստանի բոլոր դպրոցներու բոլոր բաժիններուն (տարրական, միջին, աւագ) համար կը սկսի 2020-ի Սեպտեմբեր 15-էն, իսկ 1-ին դասարանի աշակերտները դպրոց կ՛երթան այսօր` Սեպտեմբեր 14-ին: Աշակերտները դպրոց պիտի յաճախեն հակահամաճարակային […]

Վերացման Սուրբ Խաչի Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներուն վերջինը եւ խաչի տօներուն երկրորդը՝ Վերացման Սուրբ Խաչի տօնը այս տարի եւս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Արդարեւ, Կիրակի, […]

Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումը Պիտի Շարունակուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գլխաւորութեամբ․ Արամ Ա․

Այս հաստատ վճռակամութեամբ, Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետը 10 Սեպտեմբեր 2020-ին շեշտեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներուն վերականգնումի հրամայականը՝ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ժողովին, լսելէ ետք Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. […]

Հայաստանի Մէջ Սահմանափակումներու Դրութիւն` Մինչեւ Յունուար 2021

11 Սեպտեմբերէն մինչեւ Յունուար 2021 Հայաստանի մէջ պիտի գործէ սահմանափակումներու դրութիւնը՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի լոյսին տակ։ Այս ընթացքին քաղաքացիները իրենց հետ պէտք է ունենան իրենց ինքնութիւնը հաստատող փաստաթուղթ տունէն դուրս […]

Անկախութեան Oրը Նիակարայի Ջրվէժը Պիտի Լուսաւորուի Հայոց Եռագոյնի Գոյներով

Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով Սեպտեմբեր 21-ին Նիակարայի ջրվէժը պիտի լուսաւորուի Հայաստանի դրօշի՝ Եռագոյնի գոյներով: Այս մասին «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն։ «Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան առթիւ Գանատայի մէջ ՀՀ […]