«Ղարաբաղի Տագնապը Պայքար Չէ Տարածքի Համար, Այլ Անիկա Սկսած Է Ցեղային Առճակատումէ». Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յոյս ունի, որ Միացեալ Նահանգները պիտի օգնէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման։ «Թասս»ը կը հաղորդէ, որ Փութին այս մասին յայտնեց «Վալտայ» ակումբին մէջ տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին։ […]

Օնթարիոյի Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Դատապարտեց Թուրք-Ազրպէյճանական Ռազմական Յարձակումները. Արիս Պապիկեան

Չորեքշաբթի՝ 21 Հոկտեմբեր 2020-ին Օնթարիոյի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ մէկ ժամ տասնհինգ վայրկեան տեւողութեամբ քննարկում, նիւթ ունենալով Թուրք-Ազրպէյճանական մեծածաւալ ռազմական յարձակումները Արցախի ու Հայաստանի վրայ: Օնթարիոյի խորհրդարանի երեք կուսակցութիւններուն անդամները […]

Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան Անդամները Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ Գործողութիւններուն Մէջ Ցեղասպանութեան Վտանգ Կը Տեսնեն

Հայ եւ օտար աւելի քան վաթսուն յայտնի ցեղասպանագէտներ, Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան (International Association of Genocide Scholars) անդամները՝ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ սանձազերծած պատերազմին մէջ ցեղասպանութեան վտանգ կը տեսնեն: Այս […]

Մայր Աթոռը Աշխարհասփիւռ Թեմերէն Նուիրատւութիւններ Կը Ստանայ՝ Իբրեւ Աջակցութիւն Արցախի

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը շարունակէ նուիրատւութիւններ ստանալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերէ եւ համայնքներէ՝ իբրեւ զօրակցութիւն Արցախի։ Նուիրատւութիւնները կը փոխանցուին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին։ Այս մասին կը յայտնէ Մայր […]

Նախիջեւանեան Մտորումներ՝ Թրքական Մտածողութեան Մէջ. ԱԱ

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ներքին իրադարձութիւններուն մէջ, ինչպէս հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան իր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» կոթողային գործին մէջ կը պատմէ, ամէնէն տագնապալի եւ վտանգաւոր խնդիրը թուրք – մահմետական հակապետական շարժումները […]

Գանատայի Օնթարիոյի Խորհրդարանին Մէջ Առաջարկած են Թուրքիան Հեռացնել ՆԱԹՕ-էն, Ճանչնալ Արցախը

Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Օրէնսդիր ժողովի անդամները ի աջակցութիւն Արցախին առաջարկով հանդէս եկած են: Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը:  Օնթարիոյի Օրէնսդիր ժողովի անդամները առաջարկած են Թուրքիան հեռացնել ՆԱԹՕ-էն եւ […]