Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան Անդամները Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ Գործողութիւններուն Մէջ Ցեղասպանութեան Վտանգ Կը Տեսնեն

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Հայ եւ օտար աւելի քան վաթսուն յայտնի ցեղասպանագէտներ, Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան (International Association of Genocide Scholars) անդամները՝ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ սանձազերծած պատերազմին մէջ ցեղասպանութեան վտանգ կը տեսնեն: Այս մասին նշուած է անոնց տարածած յայտարարութեան մէջ:

Իրենց յայտարարութեամբ ցեղասպանագէտները դատապարտած են Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած պատերազմը եւ ցեղասպանութիւնը բացառելու միջոց ամարած են Արցախի հանրապետութեան ճանաչումը:

Անոնք պահանջած են միջազգային հանրութենէն ձեռնարկելու ուղղակի եւ լուրջ ջանքեր անմիջապէս կանգնեցնելու ազրպէյճանական յարձակումը, ինչպէս նաեւ հակահայկական պետական քարոզչութիւնը եւ ատելութիւնը Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ: Ցեղասպանագէտները կոչ ըրած են բարձրացնելու իրենց ձայնը այլատեացութեան, յարձակման, պատերազմի դէմ եւ յանուն նոր ցեղասպանութեան կանխարգելման:

Ցեղասպանագէտները նշած են, որ պատերազմի ընթացքին երկու անգամ թիրախաւորուած է Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան մշակութային ցեղասպանութեան քաղաքականութեան հետեւանքն է, որ այդ երկիրը կ՝իրականացնէ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին՝ պարբերաբար ոչնչացնելով հայկական մշակոյթի կոթողները, ինչպէս՝ Ճուլֆայի մէջ հայկական խաչքարերը: