Մայր Աթոռը Աշխարհասփիւռ Թեմերէն Նուիրատւութիւններ Կը Ստանայ՝ Իբրեւ Աջակցութիւն Արցախի

Հայաստան, Սփիւռք

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը շարունակէ նուիրատւութիւններ ստանալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերէ եւ համայնքներէ՝ իբրեւ զօրակցութիւն Արցախի։ Նուիրատւութիւնները կը փոխանցուին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին։ Այս մասին կը յայտնէ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի ղեկավար Տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեան:

Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմէն փոխանցուած է եւս ութ միլիոն ռուբլի, Գանատայի հայոց թեմէն՝ երկու հարիւր յիսուն հազար ԱՄՆ տոլար։

Ռումանիոյ հայոց թեմէն՝ տասներեք հազար երեք հարիւր ԱՄՆ տոլար, Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցիէն՝ հինգ հազար եւրօ, Միլանի համայնքէն՝ երկու հազար երեք հարիւր եւրօ։

Բարերար Յարութիւն Մխչեան նուիրաբերած է տասը հազար ԱՄՆ տոլար։