Սուրիոյ Մէջ Երկրաշարժի Զոհերուն Թիւը 812-ի Հասաւ

Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութեան տուեալներով Երեքշաբթի, 7 Փետրուարի առաւօտեան երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասաւ 812-ի, վիրաւորներունը՝ 1449-ի։ Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Համայի մէջ երէկ գիշեր մինչեւ առաւօտ միջին ուժգնութեամբ յետ-ցնցումները շարունակուեցան, իսկ առաւօտեան […]

Հալէպի Բնակչութեան Մեծամասնութիւնը Երէկ Գիշեր Անցուց Բնակարաններէն Դուրս՝ Ակումբներու եւ Եկեղեցիներու Մէջ

Երէկ երեկոյեան մինչեւ լուսաբաց երկրաշարժի թեթեւ յետցնցումները շարունակուեցան պարբերաբար։ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»-ի տեղեկութիւններով՝ Հալէպի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ինքնաշարժներու, ազգային միութենական կառոյցներու, ինչպէս նաեւ պետութեան տրամադրած ապաստարաններուն մէջ անցուց ողջ գիշերը։

Անգամ Մը Եւս Մեր Զօրակցութիւնն ու Աջակցութիւնը Կը Յայտնենք Սուրիահայ Գաղութին, Որ Կրկին Անգամ Կը Գտնուի Ծանր Պայմաններու Մէջ․ ՀՕՄ

Հայ Օգնութեան Միութիւնը մեծ յուզմունքով կը հետեւի Փետրուար 6, 2023-ին, վաղ առաւօտեան Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ պատահած 7.8 ուժգնութեամբ ցնցած երկրաշարժին աղէտալի հետեւանքներուն: Հիւսիսային Սուրիոյ քաղաքները՝ մանաւանդ Հալէպը, մեծապէս ցնցուած […]

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Մօտէն Կը Հետեւի Սուրիոյ Մէջ Երկրաշարժին Յառաջացուցած Մարդկային եւ Նիւթական Վնասներուն

Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2023-ին, ամբողջ օրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրիոյ հայ համայնքի հոգեւոր ու աշխարհական պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապի մէջ եղաւ՝ մօտէն հետեւելով երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն ու աւերներուն։ […]

պաքուն Չէ Հրաժարած Արցախի Ժողովուրդը Պատմական Բնակութեան Տարածքին Վրայ Բնաջնջելու Քաղաքականութենէն. ԱՀ ԱԳՆ

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Արցախի մէջ կազամատակարարման հերթական խափանման վերաբերեալ․ «2023 թ․ Փետրուար 6-ին ազրպէյճանը՝ Արցախի շրջափակումէն ի վեր արդէն վեցերորդ անգամ փակած է Հայաստան-Արցախ միակ կազատարը։ […]

Մեր Զօրակցութիւնը Կը Հայտնենք Սուրիահայ Մեր Քոյրերուն եւ Եղբայրներուն․ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւն

Այսօր առաւօտեան տեղեկացանք ուժեղ երկրաշարժի հետեւանքով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած մարդկային զոհերուն եւ աւերածութիւններուն մասին։ Մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին եւ մեր զօրակցութիւնը՝ սուրիահայ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն։

Կարեւոր Է Ե՛ւ 3 Միլիոնը, Ե՛ւ 120 Հազարը, Ե՛ւ Մէկ Հայը՝ Ըլլան Անոնք ՀՀ-ի, Արցախի, Սուրիոյ, Թէ Առհասարակ՝ Հայկական Աշխարհի Մէջ. Վարդանեան

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան կը գրէ. «Աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Թուրքիոյ մէջ կան բազմաթիւ մարդկային զոհեր, նաեւ հայութեան մէջ: Կը ցաւակցիմ ողբերգական աղէտի բոլոր զոհերու ընտանիքներուն […]

Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Մէջ Երկրաշարժի Զոհերուն Թիւը 1959-ի Հասած է

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանին վրայ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով՝ զոհերուն թիւը հասած է 1959-ի։ Այսպէս՝ Թուրքիոյ մէջ, ըստ վերջին տուեալներու, զոհուած է 1498 մարդ, իսկ Սուրիոյ մէջ՝ 461։

Հ.Յ.Դ. Ուսանողական, Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւններու Համագումարին Հաղորդագրութիւնը

Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Բ.-ի Երիտասարդական Խորհուրդին եւ Գրասենեակին 6 Փետրուար 2023-ին, Երեւանի մէջ, մեկնարկը կատարուեցաւ Հ.Յ.Դ. ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու համագումարին: Տարբեր տարածաշրջաններէ (14 երկրէ) համագումարին կը մասնակցին Հ.Յ.Դ. երիտասարդական, […]

Նման Արտայայտութիւնները Հայ Ժողովուրդի Շահերէն Չեն Բխիր, Ջուր Կը Լեցնեն թուրք-ազրպէյճանական Տանդեմի Ջրաղացին․ Արցախի ԱԺ-ն Խստօրէն Դատապարտած է Գուրգէն Արսէնեանի Վտանգաւոր Վարքագիծը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն յայտարարութիւնը․ «Վերջին շրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական խօսոյթին մէջ, մասնաւորապէս՝ Ազգային ժողովի որոշ պատգամաւորներու ելոյթներուն մէջ յաճախ կը հնչեն յայտարարութիւններ, որոնք կասկածի տակ կը դնեն Արցախեան […]