Սրբազան Հօր Այցելութիւնը Հալէպի Հայ Ծերանոցի Տարեցներուն

Չորեքշաբթի, 8 Փետրուար 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, զօրակցական այցելութիւններու շրջագիծէն ներս այցելութիւն տուաւ նաեւ Հայ Ծերանոցի […]

ՀՀ Փրկարարական Ազգ․ Կեդրոնի Խումբը Հալէպի Միջազգային Օդակայան Ժամանեց

Այսօր՝ Չորեքշաբթի, 8 Փետրուարի միջօրէին Հալէպի միջազգային օդակայան հասաւ Հայաստանի Հանրապետութեան փրկարարական ազգ. կեդրոնի փրկարար խումբը։ Խումբին մաս կը կազմէին 29 մասնագէտներ եւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ներկայացուցիչը։ Այս մասին […]

Մարդասիրական Բողոքի Ցոյց՝ Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց

Չորեքշաբթի, 8 Փետրուար 2023_ին, Երեւանի մէջ Սուրիոյ Ուսանողներու Ազգային Միութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպեց Երեւանի ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց՝ պահանջելով դադրեցնել Սուրիոյ վրայ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցները, որպէսզի երկրաշարժին պատճառով տուժածներուն անհրաժեշտ մարդկային […]

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ցաւակցութիւն Կը Յայտնէ Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին

Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին յղած ցաւակցագիրով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իր խորազգաց վշտակցութիւնը կը յայտնէ Սուրիան հարուածած ծանր երկրաշարժին […]

Արցախցիները Բռնութեամբ ազրպէյճանին Ենթարկելը Միջազգային Իրաւունքի Չափանիշներու Խախտում է․ Արցախի ԱԳՆ

Ակնյայտ է, որ ազրպէյճանի իրաւասութեան հաստատումը Արցախի ժողովուրդին եւ անոր իրաւունքներուն վրայ փաստացի հաւասարազօր պիտի ըլլայ սեփական հայրենիքէն արցախցիներուն բռնի վտարման։ Եթէ արտերկրի մէջ ոեւէ մէկը կասկածներ ունէր այս հարցով, […]

Մեր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնենք Մեր Քոյրերուն ու Եղբայրներուն՝ Մաղթելով ուժ ու Համբերութիւն․ Ցաւակցագիր ՀՀ-ի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին

Փետրուար 6-ին, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին կապակցութեամբ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան ցաւակցութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ այդ երկրի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանին: Ցաւակցագիրին […]

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Երկրաշարժէն Փրկուած Վիրաւոր Հայորդիներուն

Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, ազգայիններու եւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանի այցելեց […]

Հայաստանը Այսօր Փրկարարական Ջոկատներ Կ՝ուղարկէ Սուրիա եւ Թուրքիա. ԱԳՆ Խօսնակ

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը փրկարարական ջոկատներ կ՝ուղարկէ Սուրիա եւ Թուրքիա՝ աջակցելու աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով տուժած շրջաններուն մէջ իրականացուող որոնողափրկարարական աշխատանքներուն: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ԱԳՆ խօսնակ Վահան […]

Տիգրանակերտցի Հայ Երգչուհին Եւս Փլատակներու Տակ Մնացած է Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Ուժգին Երկրաշարժին Պատճառով

Թուրքիոյ մէջ Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժին հետեւանքով փլատակներու տակ մնացած են նաեւ Տիգրանակերտի մէջ ապրող հայ երգչուհի Զիլան Տիգրիսն ու իր ամուսինը։ Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելմով […]

Միայն Անկոտրում Կամքով Հնարաւոր Պիտի Ըլլայ Կանխել Մարդկայնական Աղէտը. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Փետրուար 7-ին, հեռախօսազրոյց ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա-ի հետ։ Երկրի ղեկավարը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ներկայացուցած է ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքը […]