Author: Areky
Ֆրանսական Գուրպըվուա Քաղաքին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը Յաւերժացնող Յուշարձան Պիտի Տեղադրուի
Ապրիլ 15-ին Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը մասնակցած է փարիզամերձ Գուրպըվուա (Courbevoie) քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին, որ կազմակերպած էր Գուրպըվուայի քաղաքային խորհուրդը՝ աւագանիի անդամ Ժան-Ժաք Սարաճեանի […]
Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ-ն Անթուլատրելի Կը Համարէ ԱՀ Փաստացի Կարգավիճակը Կասկածի Տակ Դնող Յայտարարութիւնները
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 5 խմբակցութիւնները տարածած են յայտարարութիւն՝ անթուլատրելի համարելով Արցախի Հանրապետութեան փաստացի կարգավիճակը կասկածի տակ դնող յայտարարութիւնները: Խմբակցութիւններուն համատեղ յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները […]
Շրջափակման Ընթացքին Արցախի Տնտեսութեան Հասցուած է Շուրջ 240 Միլիոն ԱՄՆ Տոլարի Վնաս
Արցախի կառավարութիւնը հրապարակած է շրջափակման 128-րդ օրուան վիճակագրական տուեալները: Ըստ այդմ՝ Արցախի բոլոր բուժհաստատութիւններուն մէջ ծրագրուած վիրահատութիւններու դադրեցման պատճառով մօտ 1100 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական խնդիրներու լուծման հնարաւորութենէն՝ […]
Վրաստանի Խորհրդարանին Դիմաց Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ցուցահանդէս Բացուած է
Ապրիլ 18-ին, ըստ Թիֆլիսի քաղաքապետարանի փոխանցած նամակին, Վրաստանի խորհրդարանի շէնքին դիմաց բացուած է ցուցահանդէս՝ նուիրուած «Հայոց Ցեղասպանութիւն 1915-2023 թթ» թեմային. ցուցադրուած են նաեւ Արցախի մշակութային ցեղասպանութեան թեմայով նկարներ։ Անցորդները մեծ […]
Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ Տարելիցին Ընդառաջ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը Կը Կազմակերպէ Ամենամեայ Ջահերով Երթը
Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին ընդառաջ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը կը կըկազմակերպէ ամենամեայ ջահերով երթը։ Ջահերով երթը այս տարի պիտի սկսի Հանարապետութեան հրապարակէն՝ Ապրիլ 23-ին, ժամը 19։15-ին։ ՀՅԴ ՀԵՄ-ը, ինչպէս ամէն […]
Վազգէն Թեւանեանը Նուաճեց Եւրոպայի Ախոյեանի Տիտղոսը
Վազգէն Թեւանեանը ոսկի մետալ նուաճեց Զակրեպի մէջ իրականացուող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի առաջնութեան: Այս մասին կը հաղորդէ News.Sport.am-ը։ Մ23 աշխարհի ախոյեանը 65 քկ քաշայիններու եզրափակիչին մրցեցաւ Մ23 աշխարհի փոխ ախոյեան, […]
«Այսօրուան Մեր Ճգնաժամը Հոգեւոր-բարոյական Արժէքային Ճգնաժամ է». Առցանց Զրոյց Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Բագրատ Արք. Գալստանեանի Հետ
«Հորիզոն» Կիրակի, 16 Ապրիլ 2023-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Դաստիարակչական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ հրապարակային առցանց զրոյց Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանի հետ, «Եկեղեցւոյ դերը մեր գոյատեւման […]
Սվազի Մէջ Յայտնաբերուած են Քրիստոնէութեան Ամենանշանաւոր Դէմքերէն Մէկուն՝ Սուրբ Վլասի Հետքերը
Akunq.net Սվազի մէջ (Սեբաստիա) քրիստոնէութեան նշանաւոր դէմքերէն մէկուն՝ Սուրբ Վլասի դամբարանի գտնուելու տարածքին մէջ՝ կանաչապատման աշխատանքներէն առաջ իրականացուած հնագիտական պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած են կարեւոր գտածոներ։ Սվազի Գիոքմեդրեսէ թաղամասին մէջ կրօններու […]
Թեհրանի Պահանջատէր Հայ Աշակերտութիւնը Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած Նահատակներուն Յիշատակը
Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրական ոգիով լիցքաւորուած հայ աշակերտութիւնը, իր բողոքի եւ պահանջատիրութեան ձայնը բարձրացուց ի լուր աշխարհի: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԱԼԻՔ»-էն։ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի մեծարման ձեռնարկներու աշակերտական ծրագրերուն […]
Հալէպի Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի Աշուղական Համերգները
Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի աշուղական համերգները մեծ ընդունելութիւն կը գտնեն հալէպահայ հանդիսատեսին մօտ։ Շաբաթ, 15 Ապրիլի երեկոյեան աշուղական անսամպլը կրկին բեմ բարձրացաւ, մասնակցութեամբ «Սարդարապատ» պարախումբին, գեղ. ղեկավարութեամբ դոկտ. Ռաֆֆի Ապէճեանի […]










