Գերմանացիները Կը Ցանկան «Թումօ» Ունենալ

Գերմանիոյ թուային արհեստագիտութիւններու պետական նախարար Տորոթէա Պերը յայտարարած է, որ հայկական «Թումօ»-ի նման կեդրոն բացուի նաեւ Գերմանիոյ մէջ: Այս մասին՝ ըստ “Երկիրմեդիա”-ի՝  կ՛ըսուի է Reuters գործակալութեան յօդուածին մէջ, որ նուիրուած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի այցին […]

Րոտ Այլընտի Հայ Մշակութային Կեդրոնը 10,000 Տոլար Կը Տրամադրէ ՀՕՄ-ի Վիրաւոր Զինուորներու Հիմնարկին

Ձախէն աջ՝ Օժիկ Գրիգորեան, Յակոբ Տօնոյեան, Վերժինի Թուլումեան (վարիչ տնօրէն) եւ Նելլի Նարկիզեան Րոտ Այլընտի Հայ Մշակութային Կեդրոնը, Մայիս 28-ի անկախութեան հարիւրամեակին առթիւ յատուկ ձեռնարկներու ընթացքին, կրցած է տաս հազար […]

Ամերիկեան Պատժամիջոցները, Անդրկովկասը Եւ Հայաստանը

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ Այսօր Միացեալ Նահանգներու շղթայազերծած տնտեսական աննախընթաց պատերազմը եւ ծաւալած պատժամիջոցներու քաղաքականութիւնը` Քուպայի, Չինաստանի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ռուսիոյ նկատմամբ, եւ վերջինին ցուցաբերած ոչ բանաւոր  միջպետական յարաբերութիւններու Թրամփի կառավարութեան մարտավարութիւնը […]

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցին 9 Կուսակցութիւն Եւ 4 Դաշինք

Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու ընտրական ցանկերու արձանագրութիւնը աւարտեցաւ 29 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 6ին: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը կը տեղեկացնէ, որ սահմանուած ժամկէտին արձանագրութեան համար փաստաթուղթեր  ներկայացուցած […]

Յոյներու Եւ Հայերու Սպանդներուն Նուիրուած՝ «1922» Ֆիլմին Ցուցադրութիւնը

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայկական ֆիլմի ընկերակցութիւնը, համագործակցութեամբ «Ապրիլ» գրատան, իր յաջորդ ձեռնարկը պիտի իրականացնէ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին։ Այս ձեռնարկին ընթացքին պիտի ցուցադրուի Նիքոս Քուտուրոսի բեմադրած «1922» ֆիլմը, որ արտադրուած […]

Արցախի Դիրքերը Ռմբակոծած Իսրայէլեան Ընկերութիւնը Կրնայ Ամբաստանուիլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29-ին, Իսրայէլի պետական դատախազութիւնը յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի պահանջով՝ անօդաչու թռչող սարքերով Արցախի մէջ հայկական դիրքեր ռմբակոծած իսրայէլեան «Aeronautics Defense Systems» ընկերութեան ներկայացուցիչները հաւանաբար պաշտօնապէս պիտի ամբաստանուին՝ այդ մասին […]

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի Առաջին Եռեակը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Վահագն Մատինեան երէկ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ներկայացուց Երեւանի աւագանիի  ընտրութիւններուն մասնակցելու ՀՅԴ-ի գրանցման դիմումը: Մատինեան լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ ՀՅԴ-ի ցանկը բաղկացած […]

Զօրամասի Հերթապահ Մասին Մէջ Յայտնաբերուած է Աւագ Հարիւրապետի Դին

ՀՀ Քննչական Կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան իններորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ կը քննուի աւագ հարիւրապետ Կարէն Սամուէլի Յովհաննիսեանի մահուան հանգամանքները: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ քննչական կոմիտէէն: 2018-ի Օգոստոս 29-ին` ժամը […]

Վանի Աղթամար Կղզիի Սբ. Խաչ Եկեղեցին Պատարագի կը Պատրաստուի

Վան նահանգի Գեւաշի շրջանին մէջ կը շարունակուին Աղթամար կղզիի հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ Սեպտեմբեր 9-ին մատուցուելիք պատարագի պատրաստութիւնները: Երեք տարուան դադարէն ետք՝ եկեղեցին կրկին պիտի բանայ իր դռները հաւատացեալ հոտին առջեւ։ Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ […]