Հանդարտ Հոգիով ու Անսասան Հաւատքով Թող Առաջ Շարժին. Տօնոյեանի Խորհուրդը Զինծառայողներուն

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան՝ ՀՀ զինուած ուժերու կազմաւորման օրուան հետ կապուած՝ բոլոր զինծառայողներուն մաղթեց լաւ տրամադրութիւն եւ զգօնութիւն: Ըստ Armenpress.am-ի՝ նախարարը շնորհաւորական խօսք յղեց անոնց՝ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ: […]

Կարօ Փայլանի Հանդիպումը Լիբանանահայ Մամուլի Ներկայացուցիչներու Հետ

Լիբանան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, Շաբաթ, 26 Յունուար 2019-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանի եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, հայազգի Կարօ Փայլան հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ, Հայկազեան համալսարանին մէջ: Այս […]

Բանակը Պէտք է Մասնակցի Երկրի Տնտեսութեան Զարգացման. Արմէն Սարգսեան

Բանակը պէտք է դնէ յստակ խնդիրներ, յառաջ բերէ ուժերը եւ ընդհանուր առմամբ շոգեմեքենայի դեր տանի: Լրագրողներու հետ այսօրուան զրոյցին, ըստ Armenpress.am-ի, այս մասին նշած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ ընդգծելով, […]

Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան Այցելած են Տիգրան Մանսուրեանին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Աննա Յակոբեան այցելած են ականաւոր երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանին եւ շնորհաւորած անորն ծննդեան 80-րդ տարեդարձը: «Կը մաղթեմ, որ Ձեզի համար բացուի ստեղծագործական նոր շունչ եւ ժամանակաշրջան, […]

Դուք Միշտ Արդիական էք. ՀՀ Վարչապետը Շնորհաւորած է Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեակը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 80-ամեակին առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը։ «Մեծարգոյ Տիգրան Մանսուրեան, Սրտանց կը շնորհաւորեմ Ձեզ […]

Մեր Կառավարութիւնը Միտուած է Արդիւնաւէտ Համագործակցութիւն Ունենալ Դաշնակցութեան Հետ. ՀՀ Վարչապետը Ընդունած է Բիւրոյի Նորընտիր Անդամները

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը եւ Բիւրոյի անդամները: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։ «Կ՝ողջունեմ յարգելի գործընկերներ: […]

Բարոյականութեան Եւ Օրէնքի Նուրբ Սահմանը

Լիլիթ Գալստեան Պարգեւավճարներու շուրջ այս օրերուն ծաւալող եւ մերկապար յիշեցնող բացայայտումներուն ծիրէն ներս՝ յիշեցի չին փիլիսոփայ Լաօ Ցզիի (ՔԱ 5-րդ դար) հետեւեալ միտքը. «Երբ կը կորսնցնես բարոյականութիւնը, կը մնայ օրէնքը»: […]

Կարօ Փայլան Լիբանանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հետ

Շաբաթ, 26 Յունուար 2019-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանը, ընկերակցութեամբ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ալեքսան […]

ՀՀ Նախագահը Հանդիպած է ՀՅԴ Բիւրոյի Նորընտիր Անդամներուն Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, այսօր հանդիպում մը ունեցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի եւ Բիւրոյի անդամներու հետ: ՀՀ նախագահի գրասենեակէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է ՀՅԴ Բիւրոյի նոր […]