Բարոյականութեան Եւ Օրէնքի Նուրբ Սահմանը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Լիլիթ Գալստեան

Պարգեւավճարներու շուրջ այս օրերուն ծաւալող եւ մերկապար յիշեցնող բացայայտումներուն ծիրէն ներս՝ յիշեցի չին փիլիսոփայ Լաօ Ցզիի (ՔԱ 5-րդ դար) հետեւեալ միտքը. «Երբ կը կորսնցնես բարոյականութիւնը, կը մնայ օրէնքը»:

Այո, օրէնքը միշտ կը մնայ. անիկա պետութիւն կառուցելու ոսկէ կանոնն ու ողնաշարն է, բայց քանի՞ ղրուշ արժէ օրէնքը, որ չի բխիր հաւաքական, հանրային բարոյականութեան չափանիշներէն ու շահէն:

Ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ, երբ հասարակութիւնը ոտքի կանգնեցաւ՝ դառնալով իշխանափոխութեան հիմնական յենարանը, ան ունէր լաւակեցութեան իր պատուէրն ու պատկերը: Եւ այդ պատուէրը կառուցուած էր նոյնինքն բարոյական արժէքներուն վրայ:  Սէր, համերաշխութիւն, արժանապատւութիւն, հաւասարութիւն, արդարութիւն, հաւասար հնարաւորութիւններ՝ ասոնք էին այդ օրերուն ամենաշատ հնչող ուղերձները:

Իսկ այս օրերուն ունինք պարգեւավճարներու շուրջ հանրային ընդվզում, որ շատ հասկնալի է եւ արդար. Հայաստանի ապագային նկատմամբ ժողովուրդին սպասելիքներն ու հանրային պատուէրը այլ էին: Համբերատար ըլլալու, յեղափոխական արժէքներու ծննդոցին ժամանակ, իսկ անփորձ մարդուժին հասուննալու հնարաւորութիւն տալու բարոյական ու քաղաքական յորդորներուն ծիրէն ներս, պարզապէս չի տեղաւորուիր «Մէկուն հազար դեկան ոսկի, մէկուն ոչ մէկ փող պղինձի» ֆրիկեան անմահ ձեւակերպումը:

Եւ ճիշդ այստեղ ալ կը բախի բարոյականութեան եւ օրէնքի, տուեալ պարագային շատ նուրբ սահմանը:

Պարգեւավճարներուն, իհարկէ, անտրամաբանական պիտի ըլլար դէմ ըլլալը: Ասիկա համամարդկային է, եւ անգամ կարիք չկայ հիմնաւորելու, թէ արդիւնաւէտ կառավարման, որակեալ աշխատուժի, մարդուժի կայունութեան, պատճառարկութեան եւ հազար ու մէկ այլ առումներով, որքան արդարացուած եւ անհրաժեշտ գործիք է պարգեւավճարը, գնահատուած ըլլալը՝ առհասարակ:

Մեր պարագային խնդիրը բուն պարգեւատրումը չէ, այլ՝ ինչպէսը:

Իհարկէ, խնդիր է, երբ առաւելագոյնը 100 տոկոս պարգեւատրման պարագային, ոեւէ մարզպետ իրեն 104 տոկոս կը հաշուարկէ (հեկտարն ու քառ. մեթրը չտարբերողէն ի՞նչ սպասես): Իհարկէ, խնդիր է, երբ կ՝ինքնապարգեւատրուին չորս-հինգ ամսուան աշխատանքային կենսագրութեամբ պաշտօնեաներ: Իհարկէ, խնդիր է, երբ մէկուն 180 տոկոսով կը պարգեւատրեն եւ կ՝արդարացնեն, որ հիմնարկի միակ լաւ աշխատողն է, այդ պարագային՝ ինչո՞ւ ես պահեմ միւսները: Իհարկէ, խնդիր է, երբ հարկատուներու միջոցներէն 474 միլիոն դրամ (մօտ 1 միլիոն տոլար) պարգեւավճար կը յատկացուի եւ կը յայտարարուի, որ անձնական տուեալներ են ու պաշտպանուած են գաղտնիութեամբ, այդ պարագային մի՞թէ անձնական չեն բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու՝ պատգամաւորներու, դիւանագէտներու կամ նախարարներու եկամուտներու յայտարարագրերը: Իհարկէ, խնդիր է, երբ վեցը անցնող զերօներով կը պարգեւատրուի միայն ղեկավարութիւնն ու անոր մերձ քարտուղարութիւնը: Իհարկէ, խնդիր է, երբ բարձրաստիճան պաշտօնեան իրական խնդիրը չի տեսներ եւ կը փորձէ սոսկ ծուլութեամբ բացատրել:

Իրականութեան մէջ պարգեւատրումներու մշակուած  եւ կանոնարկուած ընթացակարգեր կան, նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան շարք մը օրէնքներով նախատեսումներ: Ես վստահ եմ, որ  այդ ընթացակարգերը մասնաւորապէս պահպանուած են…

Խիստ անիրատեսական է սոսկ  բարոյական կ՛ամ ֆրիկեան արդար ընդվզումի մեկնակէտէն մօտենալ խնդիրին: Շատ դժուար է բարոյական արժէքներէն խօսիլ հասարակութեան մը մէջ, ուր օրը ցերեկով խուժանի խումբ մը զինակոչիկներու հանրակառք կը կանգնեցնէ ու կը կոտրէ դռները, երբ այդպիսի խուժանի այլ խումբ մը՝ լուսացոյցի տակ  դիրքաւորուելու պատճառով՝ կրնայ իրական մարտաֆիլմ սարքել, կամ յաղթանակներ կ՝արձանագրէ փողոցային արդարադատութիւնը:

Խնդիրը քաղաքական է, խնդիրը հին է եւ լուծման կարօտ:

Խնդիրը Հայաստանի մէջ՝ պետական համակարգի մէջ գործող աշխատավարձերու փիլիսոփայութիւնն է  կամ աւելի ճիշդ անոր բացակայութիւնը: Որեւէ հիմնաւորում, չափանիշ, փաստարկ չէք գտներ հասկնալու համար, թէ որեւէ ոլորտի մէջ աշխատավարձերու սահմանման ինչ մեքենականութիւններ գործած են, եւ ըսենք ինչու բժիշկի, ուսուցիչի, գիտութեան կամ մշակոյթի ոլորտի աշխատողներու աշխատավարձը 80-90 հազար դրամի սահմաններուն մէջ պիտի ըլլայ, իսկ տեսչական այս կամ այն մարմինի, այլ ոլորտի մը աշխատողինը՝ երկու կամ երեք անգամ բարձր: Կամ ինչո՞ւ պիտի որեւէ ՊՈԱԿ-ի կամ ԾԻԳ-ի տնօրէն աւելի բարձր աշխատավարձ ստանայ, քան անոր գործունէութիւնը համակարգող նախարարը: Քննարկման առարկայ պիտի դառնան նաեւ արտապիւտճէթային ֆոնտերը, անոնց ձեւաւորման եւ բաշխման մեքենականութիւնները:

Մեր մէջ կը շարունակէ գործել աշխատավարձերու ձեւաւորման նախկին սովորութիւններու ուժով շարժող աւանդոյթ մը, որ հասարակական արդարութեան եւ հասարակական համերաշխութեան տեսակէտէն խիստ խոցելի կը դարձնէ պետութիւնը:

Մեր հասարակութեան մէջ կուտակուած չարութեան, ատելութեան հասնող անհանդուրժողականութեան արմատները նաեւ ընկերային են: Երբ պետութիւնը կը թերանայ արդարութեան, եկամուտներու արդար վերաբաշխման եւ արժանապատիւ կեանքի նուազագոյն պայմաններ ապահովելու եւ վերահսկելու իր պարտականութիւններուն մէջ, հասարակութիւնը հասարակական արդարութեան սեփական պատկերացումներ ու մեքենականութիւններ կը գործադրէ: Եւ յետոյ պէտք չէ զարմանալ, որ հաւաքարարը մաշած օճառի կտոր մը կը թռցնէ, վարորդը՝ պենզին, մանկապարտէզի վարիչը՝ հաւի կտոր մը, զօրավարը՝ զրահամեքենայ, ոեւէ նախարար մըն ալ իր աշխատավարձին (օրէնքով) կը գումարէ յաւելավճար, պարգեւավճար ու կը ստանայ եօթանիշ թիւ:

Կը հաւատամ հասարակական պետութիւն կառուցելու՝ նոր իշխանութեան յանձնառութեան, սակայն հասարակական պետութեան հաստատումը կը մնայ սոսկ սահմանադրական, թղթային հաստատում, իսկ հանրային համերաշխութեան մակարդակը հետզհետէ կը նահանջէ, եթէ իշխանութիւնները չնախաձեռնեն տնտեսութեան ստեղծած արդիւնքի արդար բաշխման կամ վերաբաշխման, ներառեալ՝ աշխատավարձերու կարգաւորման նոր քաղաքականութիւն:

Յ.Գ. Իհարկէ, ես չեմ նահանջեր իմ հին համոզումէն ու կը շարունակեմ հաւատալ, որ ամենաարդիւնաւէտ քաղաքականութիւնը բարոյական քաղաքականութիւնն է: