Տուպայի Պուրճ Խալիֆան Հայաստանի Ազգային Դրօշի Գոյներով Պիտի Լուսաւորուի

Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով, Սեպտեմբեր 21-ին, ժամը 21:10-ին, Տուպայի Պուրճ Խալիֆան առաջին անգամ ըլլալով պիտի լուսաւորուի Հայաստանի ազգային դրօշի գոյներով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը տեղեկացնէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ՀՀ […]

ՀՀ Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Իսրայէլի Մէջ Դեսպանութիւն Բանալու Նախագիծին

Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Իսրայէլի Պետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն ստեղծելու նախագիծին: Դեսպանութեան նստավայրը պիտի ըլլայ Թել Աւիւը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ որոշումը կարեւոր կը համարուի հայ-իսրայէլական երկկողմ յարաբերութիւններու կայուն զարգացումը ապահովելու առումով: […]

ՀՀ Վարչապետը ԱԱԾ Տնօրէնի եւ Ոստիկանապետի Ժամանակաւոր Պաշտօնակատարներ Նշանակած է

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշում կայացուցած է ԱԱԾ տնօրէնի տեղակալ Էդուարդ Մարտիրոսեանը նշանակել ԱԱԾ տնօրէնի պարտականութիւններու ժամանակաւոր կատարող: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, վարչապետը նշած է կառավարութեան նիստին սկիզբը՝ աւելցնելով, որ ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ […]

Եռակողմ Անհամաձայնութիւններ

«Ազդակ»-ի խմբագրական Անգարայի մէջ կայացած Թուրքիա-Ռուսիա-Իրան միջնախագահական ձեւաչափով եռակողմ հանդիպման պաշտօնական յայտարարութիւնը ո՛չ միայն հակիրճ է, այլ նոյնիսկ անբովանդակ: Նման ամփոփ եւ որեւէ հիմնական շեշտադրում չպարփակող յայտարարութիւն կա՛մ կ՛ուզէ թաքցնել […]

ԱՄՆ-ի Քոնկրէսականները Հայաստան Այցի Ծիրէն Ներս Կ՝այցելեն Նաեւ Արցախ

ԱՄՆ-ի քոնկրէսականներ Ճէքի Սփիր-Կանչելեան, Ճուտի Չու եւ Ֆրանք Փալոն՝ Հոկտեմբեր 1-ին, Հայաստան մէկ շաբթուայ այցի ծիրէն ներս՝ որոշած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ այցելել: Ըստ Armenpress.am-ի՝ «Ամերիկայի ձայն»-ի տուեալներով՝ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսէն […]

Նախկին Ոստիկանապետը Նշանակուեցաւ Վարչապետի Գլխաւոր Խորհրդական

ԵՌԱԳՈՅՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով՝ նախկին ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանը նշանակուած է վարչապետի գլխաւոր խորհրդական։ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի փոխանցմամբ՝ e-gov.am կայքին մէջ ըսուած է. «Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9-րդ յօդուածի […]