Արթուր Առուշանեանը՝ Քիոքուշին Քարաթէի Աշխարհի Եռակի Ախոյեան

Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր-Սուլթանի մէջ, Դեկտեմբեր 7-8, կայացած է քիոքուշին քարաթէի Աշխարհի առաջնութիւնը:Aparaj.am-ի տեղեկութիւններով՝ առաջնութեան 60 քկ քաշային կարգի մէջ, Հայաստանը ներկայացնող արցախցի մարզիկ, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Արցախի մասնաճիւղի վարչութեան […]

Պոլսոյ Պատրիարք Դառնալու Աւելի Մեծ Հնարաւորութիւն Ունի Սահակ Մաշալեանը

Դեկտեմբերի 8-ին Պոլսոյ հայ համայնքը պատրիարք կ՝ընտրէր: Թէեւ պաշտօնապէս Պոլսոյ հայոց պատրիարքին անունը յայտնի պիտի դառնայ Դեկտեմբեր 11-ին իրականացուելիք ընտրութեան օրը, բայց արդէն Նախաձեռնակ մարմնի կողմէն նախնական արդիւնքներու հրապարակումէն ետք […]

Ընտրուած Անձը Իմ Պատրիարքը Պիտի Չհամարեմ. Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Պոլսոյ մէջ ընթացող պատրիարքի ընտրութեան վերաբերեալ ըրած է ուշագրաւ յայտարարութիւն։ Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Twitter-ի իր էջին վրայ Փայլան գրած է, որ պիտի չմասնակցի ընտրութեան եւ […]

Անորոշութիւն․․․ Պրաթիսլաւայէն

«Հայրենիք»-ի խմբագրական «Թոյլ տուէք ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը հռչակել իբրեւ ժողովրդավարութեան արտայայտութիւն, քանի որ, իսկապէս, ժողովրդավարութիւնը ինքնորոշման ձեւ է»։ Մ․Ա․Կ․-ի միջազգային հարցերու փորձագէտ դոկտ․ Ալֆրէտ Տը Զայաս ԵԱՀԿ-ի 26-րդ համաժողովը, որ տեղի ունեցաւ […]

Յուշամատեանը Աթէնքի մէջ՝ հայու արմատներու որոնումով

Հինգ­շաբ­թի՝ 28 ­Նո­յեմ­բե­րէն մին­չեւ ­Կի­րա­կի՝ 1 ­Դեկ­տեմ­բեր Ա­թէնք գտնո­ւե­ցաւ հան­րա­ծա­նօթ ­Յու­շա­մա­տեան միու­թեան գի­տաշ­խա­տող­նե­րու խում­բը, գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Վա­հէ ­Թաշ­ճեա­նի։ ­Տա­րի­ներ ա­ռաջ կազ­մո­ւած ­Յու­շա­մա­տեա­նը, ճամ­բայ ե­լած է լու­սան­կա­րե­լու եւ ի մի հա­ւա­քե­լու հա­մար […]

Անին, Հակառակ Բոլոր Ջանքերուն, Տխուր Է. Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան մասնակցեցաւ Կարսի քաղաքապետական խորհուրդին եւ «Անատոլուի Մշակոյթ» հիմնարկին կազմակերպած «Քարի ձօն՝ Անի» խորագիրով ցուցահանդէսին, եւ այդ առիթով ան նաեւ այցելեց Անիի […]

Հելսինքեան Կոմիտէի Յայտարարութիւնը` ՀԵՄ-Ի Հաւաքին Մասին

Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէն յայտարարութիւն հրապարակեց 3 դեկտեմբերին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան առջեւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան կողմէ կազմակերպուած  հաւաքին վերաբերեալ: «Հաւաքի ընթացքին Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէին կողմէ  կատարուած […]