Էրտողանի Կողմնակիցները Կը Սպառնան Նոր Ցեղասպանութիւն Իրականացնել Հայերու Դէմ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան

Պոլսոյ փաստաբաններու միութեան անդամ խումբ մը ծայրայեղ ազգայնական թուրք փաստաբաններ յօդուած հրապարակած են 2019 Նոյեմբերի իրենց տեղեկագիրին մէջ՝ սպառնալով մէկ անգամ եւս «տեղահանելու» բոլոր հայերը Թուրքիայէն։ Յօդուածի հեղինակ Մուսթաֆա Չալիք կը գրէ, որ «տեղահանութիւնը» պիտի ըլլայ «ամենամեղմ գործողութիւնը» հայերուն դէմ: Քանի որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հեղինակը զայն կը յիշատակէ իբրեւ «տեղահանութիւն»: Յօդուածին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը նկարագրուի իբրեւ «յաղթապսակ»։

Իրավիճակը աւելի վատթարացնելով՝ Չալիք կ՝օրհնէ Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր չարագործներուն յիշատակը․ «մեծ նահատակ Թալէաթ փաշան», Էնվէր փաշան եւ Պեհաէտտին Շաքիրը, ըսելով, որ «մենք կը խոնարհուինք բոլոր միութենականներու (երիտթուրքերու) սուրբ յիշատակին առջեւ եւ կը համբուրենք անոնց օրհնուած ձեռքերը․․․․ Կը մաղթենք Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ յաւերժական երանութիւն դրախտի մէջ բոլոր անանուն (թուրք) նահատակներուն, որոնք զրկուեցան կեանքէ հայկական կոտորածներուն ժամանակ»։

Այնուհետեւ, Չալիք կը գրէ, թէ «Եթէ Միութիւն եւ առաջադիմութիւն կոմիտէն (երիտթուրքերու) «յանցագործութիւն» կատարած է, ուստի անոնց միակ «յանցագործութիւնը»՝ Պալգաններու մէջ մեզի պատուհասած աղէտի կրկնութեան կանխումն էր Արեւելեան Անատոլիոյ մէջ»։

Յօդուածագիրը հաստատած է, որ «մենք կ՝աջակցինք 1915-ի հայերու տեղահանութեան։ Անոնք, որոնք տեղահանութիւնը կ՝անուանեն ցեղասպանութիւն, պատերազմի յայտարարութիւն կ՝ընեն։ Հայերուն եւ միւսներուն, որոնք ատիկա կ՝անուանեն ցեղասպանութիւն, կը սպառնայ նոր տեղահանութիւն մը, որ ամենամեղմ միջոցը պիտի ըլլայ անոնց դէմ»։

«Մեր նախնիները Համաշխարհային պատերազմի մէջ մտան իրենց սուրբ հայրենիքը եւ պատիւը պաշտպանելու համար։ Ատիկա մեր պատիւն ու գլխապսակն է բոլոր մարտերուն մէջ՝ Սարիղամիշէն մինչեւ Չանաքքալէ եւ հայերու տեղահանութենէն ետք մինչեւ Անկախութեան պատերազմ։ Մենք յաւերժական հպարտութեամբ պիտի կրենք այս թագը»,- կը գրէ Չալիք։

Չալիք կը շարունակէ. «Եթէ մենք կը տեսնենք, որ մեր հայրենիքն ու ազգային գոյութիւնը պաշտպանելու այլ ուղի չկայ, ով ալ ըլլանք, ամենափոքր գոհունակութիւնը, որ մեզի պիտի տայ՝ նոր տեղահանութիւնն է»։

Իր գիրքի՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջները» նախաբանին մէջ, Չալիք 1915թ․ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայերուն պահանջները կը նկարագրէ իբրեւ «լալկան գրականութիւն․․․․ Խոր արմատներով մեծ ազգերը չեն կրնար լալ եւ տրտնջալ։ Անոնք խղճահարութիւնը եւ իրենց նկատմամբ խղճահարութեան ձգտումը կը համարեն նուաստացուցիչ։ Այդ իսկ պատճառով, «ողբացող եւ լալկան գրականութիւնը» կամ չէ զարգացած կամ անհետացած է։ Ասիկա լուրջ հարցերէն մէկն է: Ժամանակ առ ժամանակ, մենք նոյնպէս, ազդուած հայկական ողբացող հարուստ գրականութենէն, անտեղի կը մեղադրենք մեզի այն բանի համար, որ չենք հրատարակեր անոնց չափ։ Իրականութեան մէջ մենք չենք կրնար մրցիլ անոնց հետ, եթէ նոյնիսկ ուզենք: Մենք ունինք այնպիսի հսկայական «սգացող գրականութիւն», որ ոչ միայն կ՝առնչուի հայկական վայրագութիւններուն, այլեւ այլ աղէտներու, որոնք մեզի առնչուած են: Փաստօրէն, կ՝ըսուի, որ թուրքերու ցուցաբերած լռութիւնը դաշնակներու քարոզչութեան դէմ, որ տասնամեակներ շարունակ իրականացուած է ամբողջ թափով, գնահատուած է իբրեւ զրպարտութեան յանցագործութեան եւ ցեղասպանութեան «ժխտողականութիւն»»։

Չալիքի յօդուածէն բացի, կայ եւս մէկ յօդուած ծայրայեղ ազգայնական թուրք փաստաբաններու տեղեկագիրին մէջ, որ գրուած է Ֆարուք Ուլգերի կողմէ՝ «1915-ի իրադարձութիւնները եւ հայկական վայրագութիւնները» վերնագիրով։

Ուլգեր կը գրէ, որ «Հայկական հարցը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջը կը շարունակեն մնալ մեր ժողովուրդի կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը վերջին հարիւրամեակին»: Ան ցեղասպանութիւնը կ՝անուանէ «ինքնապաշտպանութիւն»: Յօդուածին մէջ կը մէջբերուի Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտող Եուսուֆ Հալաչօղլուի յայտարարութիւնը․ «Տեղահանութիւններու ժամանակ մահացած 300 հազար հայերը իրենց կեանքէն զրկուած են Կովկասի մէջ եղած հիւանդութիւններուն պատճառով»։

Կարծես թէ ժխտողական կեղծիքները բաւարար չէին, թրքական Daily Sabah թերթն ալ 2019 Դեկտեմբեր 8-ին յօդուած հրապարակեց՝ «Թուրքիան պէտք է աշխուժացնէ ջանքերը՝ զրպարտութեան քարոզչութեան պայքարին մէջ» վերնագիրով։

Թուրքիոյ կառավարութեան հաղորդակցութիւններու վարչութիւնը ստեղծած է 1915.gov.tr կայքը, տեղադրելով նիւթեր, որոնք կը հերքեն Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը։ Daily Sabah-ը կը յայտարարէ, որ «Թուրքիան դէմ է 1915-ի միջադէպերը իբրեւ «ցեղասպանութիւն» ներկայացնելուն, աւելի շատ զայն կը համարէ ողբերգութիւն, որմէ թէ՛ թուրքերը, թէ՛ հայերը կորուստներ ունեցած են Առաջին աշխարհամարտի թոհուբոհին․․․ «Այս կայքը միջազգային ասպարէզի մէջ, բոլոր հնարաւոր միջոցներով կ’արձագանգէ մեր երկրի դէմ օգտագործուող Հայոց Ցեղասպանութեան հերիւրանքին՝ առաջին գիծ մղելով պատմական տեղեկատւութիւնն ու տուեալները», ըսած է նախագահի հաղորդակցութեան տնօրէն Ֆահրետտին Ալթունը, Շաբաթ օր Անթալիոյ ծովափնեայ նահանգին մէջ իրականացուող ուսումնական ծրագիրին ընթացքին։

Այնուհետեւ, Daily Sabah-ը կը յայտնէ, որ «Օսմանեան կայսրութիւնը 1915-ին Արեւելեան Անատոլիոյ հայերը տեղափոխեց ՝ ապստամբութիւններէն ետք, որոնց մէկ մասը կողմ էր ռուսական զաւթիչ ուժերուն: Տեղափոխութիւններուն ընթացքին բազմաթիւ հայեր զոհուեցան։ Հայաստանը ներողութիւն եւ փոխհատուցում կը պահանջէ, մինչդեռ Թուրքիան պաշտօնապէս հերքած է հայկական մեղադրանքները միջադէպերուն վերաբերեալ, ըսելով, որ թէեւ հայերը մահացած են տեղափոխութիւններու ժամանակ, շատ թուրքեր նոյնպէս կորսնցուցած են իրենց կեանքը Անատոլիոյ մէջ հայկական աւազակախումբերու կողմէ իրականացուած յարձակումներուն ժամանակ: Թրքական կառավարութիւնը բազմիցս կոչ ըրած է պատմաբաններուն ուսումնասիրելու դարաշրջանին վերաբերող օսմանեան արխիւները, որպէսզի պարզեն, թէ իրականութեան մէջ ինչ տեղի ունեցած է Օսմանեան կառավարութեան եւ անոր հայ քաղաքացիներուն միջեւ: Մերժելով «ցեղասպանութեան» մեղադրանքները՝ Թուրքիան պաշտօնապէս ընդունած է անցեալի դէպքերը իբրեւ մեծ ողբերգութիւն, երբ երկու կողմերն ալ ունեցած են մեծ կորուստներ, ներառեալ՝ հարիւրաւոր մահմետական թուրքեր»։

Daily Sabah-ը մէջբերած է նաեւ Ալթունը՝ նշելով, որ Թուրքիան պիտի զօրացնէ իր ջանքերը երկիրը թիրախաւորող հայերուն դէմ: «Մենք պէտք է աւելի ուժեղ պայքար մղենք մութ քարոզչութեան դէմ»:

Աւելի կարեւոր է՝ Ալթունը աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ բանակցային ուժը միջազգային ասպարէզի մէջ կ՝աճի՝ տարածաշրջանին մէջ անոր հզօրութեան աճին հետեւանքով։ «Մեր նպատակն է իրականացնել բարձրորակ, արժէքաւոր աշխատանք, որ պիտի համապատասխանէ մեր երկրի վերելքին, որ ձայն ունի տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ», յայտարարած է Ալթուն:

Վերոյիշեալ նիւթերէն մենք պէտք է երկու եզրակացութիւն ընենք.

1) անոնք, որոնք կ՝ըսեն, որ «արիւնոտ թուրքը» վերջին 100 տարիներուն ընթացքին շատ չէ փոխուած, ճիշդ են, բացառութեամբ, որ մենք պէտք չէ ընդհանրացնենք բոլոր թուրքերը։ Կան բազմաթիւ թուրքեր, որոնք արդարամտօրէն եւ պատրաստակամօրէն կ՝ընդունին հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ ցեղասպանութեան ոճրագործութիւնները։ Այնուամենայնիւ, կան թուրք պաշտօնեաներուն կուրօրէն հետեւող բազմաթիւ այլ թուրքեր, որոնք միտումնաւոր կերպով կը ժխտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ժխտողական թուրքերու լաւագոյն օրինակներ են այս երկու յօդուածներուն վերոնշեալ հեղինակները եւ Էրտողանի թրքական կառավարութեան կողմէ գործարկուած կայքը, որ նախատեսուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար։

2) նախագահի աշխատակազմի հաղորդակցութիւններու տնօրէն Ֆահրետտին Ալթունը կը յայտարարէ, որ Թուրքիոյ հեղինակութեան աճման զուգընթաց անիկա դարձած է աւելի ուժեղ պետութիւն։ Թէեւ ասիկա, ցաւօք, ճիշդ է, բայց անիկա պէտք է խրախուսէ՝ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը սիրող մարդոց ամբողջ աշխարհի մէջ՝ անխոնջ աշխատելու, որպէսզի բացայայտուի Թուրքիոյ իրական բարբարոսական բնոյթը ոչ միայն 100 տարի առաջ, այլեւ այսօր Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ՝ ընդդէմ քիւրտերու եւ քրիստոնեաներու: Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան հակասելը եւ զայն տկարացնելը պէտք է ըլլայ պատմական արդարութեան հաստատման հիմնական նպատակներէն մէկը․․․

 

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը