Փալոն Կը Դատապարտէ Պաքուի Շարունակուող Հակահայ Քաղաքականութիւնը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ հայերու ջարդերուն 30-ամեակին առիթով իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն յիշեցուց, որ ջարդերուն ընթացքին սպաննուած առաւել քան […]

Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսած է Համշէնահայերու «GOR» Հանդէսի Հերթական Թիւը

Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած է համշէնահայերու «Գոռ» (GOR) ամսագրի հերթական թիւը: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ Bianet.org լրատուակայքը: Հանդէսին նոր թիւը լոյս տեսած է «Համշէնցիներու` եայլաներ բարձրանալու մշակոյթը» խորագիրով: Աղբիւրին […]

Ախալքալաքի Արդարադատութեան Տան Մէջ Կ՛արգիլուի Հայերէն Խօսիլը

Ախալքալաքի բնակիչներուն Արդարադատութեան տան աշխատակիցները թոյլ չեն տար շփուիլ իրենց եւ աշխատակիցներու համար հասկանալի հայերէն լեզուով, եւ թիւրըմբռնումներու պատճառով մարդիկ յաճախ ստիպուած կ՛ըլլան քանի մը անգամ փաստաթուղթեր ներկայացնել, որպէսզի յայտը […]

Մարտական Դիրքերու Մէջ Տեղադրուած Տեսադիտարկման Համակարգերու Թիւը Աճած է 59%

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու մարտական դիրքերու մէջ տեղադրուած տեսադիտարկման համակարգերու թիւը 2018-ի Մայիս 8-էն ետք աճած է 59 տոկոսով: Այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին մէջ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ […]

Գերմանիոյ Խորհրդարանը Անձեռնմխելիութենէ Զրկած է Ատրպէյճանէն Կաշառք Ստանալու Մէջ Մեղադրուող Պատգամաւորը

Գերմանիոյ խորհրդարանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկած է պատգամաւոր Քարին Շթրենցը: Ան կը մեղադրուի Ատրպէյճանէն կաշառք ստանալու եւ այդ երկրի շահերու լոպպինկով զբաղուելու մէջ: Նոյն գործով կը մղադրուի նաեւ Գերմանիոյ Քրիստոնէա-ընկերվարական  միութիւն […]

Սպանական Օնթինիէնդ Քաղաքի Քաղ. Խորհուրդը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Սպանական Օնթինիէնդ քաղաքի քաղ. Խորհուրդը Յունուար 31-ին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Akhaltskha.net-ի տեղեկութիւններով՝ Քաղաքային խորհուրդի 3 կուսակցութիւններէն երկուքը (Լա Վալ էնս ունէյս եւ Քոմփրոմիս, ընդհանուր թիւով՝ 19) կողմ, իսկ Ժողովրդական […]

Հայաստանի Մէջ Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը 2019-ին Աճած է 7.8 Տոկոսով

Տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2019 Յունուար-Դեկտեմբերին՝ 2018-ի նոյն ժամանակին համեմատ՝ աճած է 7.8 տոկոսով: Այս մասին կը փաստեն ՀՀ ազգային վիճակագրական կոմիտէին հրապարակած տուեալները: Մասնաւորապէս, 2019 Յունուար-Դեկտեմբերին արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը աճած է 9 […]