Փետրուարեան Տօներու Ծիսական Արարողութիւններ

Սոնիա Թաշճեան, “Թորոնթոհայ” Այս տարուան Փետրուար ամսուն քանի մը ազգային եւ եկեղեցական տօներ իրար կը յաջորդեն, այսպէս` Սուրբ Սարգիս ամսուն 8-ին, Տեառնընդառաջ` 14-ին, Սուրբ Վարդանանց տօն` 20-ին, Բուն Բարեկենդան` 23-ին […]

Էրտողան Արձագանգած է Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնելու Մասին Մաքրոնի Յայտարարութեան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք ընդունելու վերաբերեալ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութեան: Թուրքիոյ նախագահը, հերթական անգամ փորձելով ցոյց տալ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ […]

Հայաստան Ստացած է “Քորոնա” վարակի Ախտորոշման Տարրալուծարանային Փորձարկիչներ

Հայաստան ստացած է “Քորոնա” վարակի ախտորոշման տարրալուծարանային փորձարկիչներ: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան: «Քիչ առաջ ստացանք “Քորոնա” վարակի ախտորոշման տարրալուծարանային փորձարկիչները: Անոնք շատ […]

«Դարու Գործարք»-ի Թիրախները.՛ Լիբանանեան Եւ Հայկական Հայեցակէտեր

“Ազդակ”-ի խմբագրական «Դարու գործարք»-ի քաղաքական թայմինկը վերլուծաբանական առումով որոշակի հունաւորումի կ՛առաջնորդէ: Թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ Իսրայէլի ղեկավարները վերընտրութեան խնդիր կը դիմագրաւեն: Եթէ առաջինը պէտք ունի հրէական լոպիիստական խումբերու ամբողջական […]

Երուսաղէմի Մէջ Իր Մահկանացուն Կնքած Է Պատմաբան Ալպերթ Աղազարեան

Երուսաղէմի մէջ մահացած է պատմաբան, երուսաղէմագէտ Ալպերթ Աղազարեան: Ա. Աղազարեան ծնած է 1950-ին, Երուսաղէմի մէջ: 1970-ին աւարտած է Պիրզեթ համալսարանը, 1977-ին ստանձնած է նոյն համալսարանի ընդհանուր յարաբերութեանց գրասենեակի տնօրէնութիւնը մինչեւ […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Պարգեւատրէ Միջեկեղեցական Շարժումին Մէջ Երկար Տարիներու Վաստակ Ունեցող Անձեր

Այս օրերուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի կ՛ունենայ միջազգային միջեկեղեցական ժողով` նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Արդարեւ, շաբաթ, 1 փետրուար 2020-ին, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ներկայ […]

Մաքրոնը Լաւատես Է Արցախեան Տագնապի Լուծման Յառաջընթացի Հարցով. Մուրատ Փափազեան

«Երկիր»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան յայտնեց, որ իրենք ամբողջ տարին կ՛աշխատին Ֆրանսայի քաղաքական վերնախաւին հետ, վերջին քանի մը տասնեակ […]