Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը եւ Բարեկամները Ապրեցան Յիշատակելի ու Անմոռանալի Պահ Մը. Հաղորդագրութիւն

Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ու «Քնար» պարախումբի վարչութեան, Շաբաթ, 15 Փետրուար 2020-ին, Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը եւ բարեկամները համախմբուեցան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին […]

Լիբանանահայութիւնը Փառաւոր Մթնոլորտի Մէջ Ոգեկոչեց Կոմիտասի Երաժշտական Եզակի Աւանդը

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին եւ գործակցաբար Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Ուրբաթ, 14 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ նշուեցաւ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը: Այս […]

Մեր Ճակատագրերը Նոյնական Են. Շնորհակալութեան Երթ եւ Տօնական Ընդունելութիւն ՀՀ-ն Մէջ Սուրիոյ Դեսպանատան Մէջ (լուսանկարներ)

Կիրակի, 16 Փետրուար 2020-ին, Երեւանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ երախտիքի երթ, Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման առիթով։ Երթը իրականացաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինի Հայրենադարձներու Յանձնախումբին […]

«Բարգաւաճ Հայաստան» Կուսակցութիւնը Պիտի Չմասնակցի Հանրաքուէի Գործընթացին

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը պիտի չմասնակցի Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի իրականացման գործընթացին: Այդ մասին ԲՀԿ քաղաքական խորհուրդի նիստէն ետք յայտարարեց Ազգային Ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրապեան: Ատիկա կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի […]

Պետոյի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ՝ Պռոշեանի Ազատամարտի Պանթէոնին Մէջ

Շուշիի ՀՅԴ առանձնակի հրաձգային գումարտակի փոխհրամանատար Պետրոս Ղեւոնդեան պատերազմի աւարտի նախօրէին` 1994-ի այս օրը` Փետրուար 14-ին, Քարվաճառի մէջ վիրաւոր զինակից ընկերոջ օգնելու ժամանակ հերոսաբար նահատակուեցաւ: Աւանդոյթի համաձայն` այսօր Ազատամարտի պանթէոն` […]

Գարեգին Բ-ն Նամակ Յղած է Սուրիոյ Նախագահին

Փետրուար 14-ին Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նամակ յղած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատին` հայ ժողովուրդի անունէն շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի միաձայն ընդունման առիթով: Վեհափառ […]

Թուրքիոյ Կառավարութիւնը Կը Թաքցնէ Ցեղասպանութեան Մասին Պատմող Հեռագիրները․ Աքչամ

 «Թուրքիան դիտաւորեալ կը թաքցնէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը»: Այս մասին Al Arabiya հեռուստաալիքի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է պատմաբան Թաներ Աքչամ: Անոր խօսքով` Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը թաքցնէ ցեղասպանութեան մասին պատմող հեռագիրները, որոնք օգտագործուած […]

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Ունի 11 155 985 տոլարի Հանգանակութեան Խոստում

Հեռուստամարաթոնէն երեք ամիս անց նուիրատուութիւններու հոսքը կը շարունակուի, որու արդիւնքով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը արդէն իսկ ունի 11,155,985 ԱՄՆ տոլարի խոստում: Այս մասին կը յայտնեն հիմնադրամէն: «2019-ի Դեկտեմբերի սկիզբը համեմատութեամբ նուիրատւութիւնները աճած են […]

Հայաստանն ու Գերմանիան Շահագրգռուած Են Խորացնելու Տնտեսական Համագործակցութիւնը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փետրուար 14-ի առաւօտեան այցելած է Գերմանիոյ առեւտրաարդիւնաբերական պալատ, ուր աշխատանքային նախաճաշի ծիրէն ներս հանդիպում  ունեցած է Գերմանիոյ տնտեսութեան եւ ուժանիւթի դաշնային պետքարտուղար Թոմաս Պարէսի, Գերմանիոյ առեւտրաարդիւնաբերական պալատի […]