Եւրոպական Միութիւնը Դրական Ազդակներ Կը Տեսնէ Ղարաբաղեան Բանակցութիւններուն Մէջ
Եւրոպական Միութիւնը դրական ազդակներ կը տեսնէ ղարաբաղեան տագնապին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ եւ կ՛ակնկալէ, որ կողմերը լիարժէքօրէն իրագործեն վերջին հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի գրասենեակի` Յունուար 19-ին հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին հաղորդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հովանիին տակ, դրական ազդակներ կը հաղորդեն ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման»,- յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարի բանբեր Մայա Քոսիանչիչը:
«Եւրոպական Միութիւնը կը սպասէ անոնց արդիւնքներուն լիարժէք իրագործման, ներառեալ` արտաքին գործոց նախարարներու վերջին համաձայնութեան կատարումը, ըստ որուն անհրաժեշտ է շօշափելի քայլերու ձեռնարկել` իրենց հասարակութիւնները խաղաղութեան պատրաստելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ քննել քայլեր` բանակցութիւնները վերականգնելու համար»:
«Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ լիովին աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն, ընդ որում` Եւրոպական Միութեան Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչին միջոցով, ինչպէս նաեւ կողմերու միջեւ վստահութիւնը ամրապնդող քայլերով: Բոլորը պիտի շահին տեւական խաղաղութենէն, որ կարելիութիւն պիտի տայ Հարաւային Կովկասին ամբողջովին իրականացնելու իր կարելիութիւնները»,- Յունուար 19-ի իր հրապարակած յայտարարութիւնը կը փակէ Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան պետի բանբերը:
