Էրտողանը Թրամփին Խոստացած է Մանպիճի Մէջ Անվտանգութիւնը Ապահովել

Աշխարհ

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Թուրքիոյ առաջնորդ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ունեցած են հեռախօսազրոյց մը, որուն ընթացքին համաձայնած են շարունակել համաձայնեցուած որոշում որոնել Սիրիոյ հիւսիս-արեւելքի անվտանգութեան ապահովման համար: Այս մասին, ըստ TASS-ի, նշուած է Սպիտակ տան յայտարարութեան մէջ։

 

Reuters, իր հերթին, յայտնած է, որ հեռախօսազրոյցին ընթացքին Էրտողանը յայտնած է սուրիական Մանպիճի մէջ անվտանգութեան ապահովման պատասխանատւութիւնը անյապաղ իր վրայ վերցնելու մասին:

 

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ-ը մտադիր է դուրս բերել իր զօրքերը Սուրիայէն: