Դամասկոսի Հարաւային Արուարձաններէն Մութահալլէքի Մէջ Նռնակ Մը Պայթած է
Կիրակի, 20 Յունուարի առաւօտեան, Դամասկոսի հարաւային արուարձաններէն Մութահալլէքի մէջ ահաբեկիչ մը նռնակ մը պայթեցուցած է։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը՝ վկայակոչելով սուրիական ՍԱՆԱ լրատուականը։
Վիրաւորներ կամ զոհեր չեն արձանագրուած։
Աղբիւրին համաձայն, ապահովական ուժեր ձերբակալած են պայթումը իրագործող ահաբեկիչը։
