ՀՀ Վարչապետը Կոմիտասի Անուան Պանթէոնին Մէջ Մասնակցած է Սիլվա Կապուտիկեանի 100-ամեակին Նուիրուած Արարողութեան
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ, Յունուար 20-ին, մասնակցած է Սիլվա Կապուտիկեանի 100-ամեակին նուիրուած յիշատակի արարողութեան։ Այս մասին վարչապետը յայտնեց Դիմատետրի իր էջի ուղիղ եթերով։
Վարչապետ Փաշինեան ընթերցեց բանաստեղծուհիի 100-ամեակին առիթով հրատարակուած ժողովածուին մէջ ընդգրկուած «Հայոց աշխարհ» բանաստեղծութիւնը։
«Ես այս բանաստեղծութիւնը կը կարդամ՝ ի նշանաւորումն եւ իմ յարգանքի տուրքը մատուցելով Սիլվա Կախուտիկեանին»,- նշեց Նիկոլ Փաշինեան։