ՄԱԿ-ը Կ՝ողջունէ Ժողովուրդները Խաղաղութեան Նախապատրաստելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարներուն Յանձնառութիւնը
ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի մամուլի խօսնակ Ստեֆան Տիւժարիք յայտարարութիւն տարածած է գլխաւոր քարտուղար Անթօնիօ Կուտերեշի անունով՝ ողջունելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը, որ կայացած էր Յունուար 16-ին, Փարիզի մէջ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հովանանաւորութեամբ:
Այս մասին յայտարարութիւնը հրապարակուած է ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքին մէջ:
«Գլխաւոր քարտուղարը բարձր կը գնահատէ Լեռնային Ղարաբաղի ձգձգուած հակամարտութեան լուծման համաձայնեցուած եւ խաղաղ ուղիներ որոնելու կողմերուն յանձնառութիւնը, եւ, մասնաւորապէս, կ՝ողջունէ ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու ուղղութեամբ յստակ քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութեան մասին նախարարներու համաձայնութիւնը: Գլխաւոր քարտուղարը կը վերահաստատէ լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի կարեւոր միջնորդական ջանքերուն»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Պոպովի, Ստեֆան Վիսքոնդիի, Էնտրիւ Շոֆըրի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ, Յունուար 16-ին, Փարիզի մէջ, տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրչիք:
Տեղի ունեցած է մտքերու օգտակար եւ կառուցողական փոխանակում, որ ուղղուած էր նաեւ առաւել լայն փոխըմբռնման եւ փոխվստահութեան հաստատման:
Աւելի քան չորս ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին՝ զրուցակիցները անդրադարձած են խաղաղ գործընթացին առնչուող հարցերու լայն շրջանակի՝ ներառեալ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելուն, անվտանգութեան ու տարածաշրջանային կայուն զարգացման:
Հանդիպման նոր ժամկէտները դեռ չեն հաստատուած, այնուամենայնիւ, ԱԳ նախարարները համաձայնած են յառաջիկայ ամիսներուն շարունակելու հետեւողական, նպատակաուղղուած շփումները:
