«Դիլիջան» Համերգաշարի Յաջորդ Ձեռնարկը Նուիրուած Է Տիգրան Մանսուրեանին

Հայաստան, Սփիւռք

«Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան կազմակերպած սենեկային երաժշտութեան «Դիլիջան» համերգաշարին 14-րդ տարեշրջանի երրորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 27 Յունուարին, կ.ե. ժամը 3-էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Քոլպըրն» երաժշտանոցի «Զիփըր» համերգասրահին մէջ (200 S. Grand Ave., Los Angeles, CA 90012): Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

«Վարպետ» խորագրուած այս համերգը նուիրուած է հայրենի յայտնի յօրինող Տիգրան Մանսուրեանին, որուն 80րդ տարեդարձն է այդ օրը։

Պիտի ներկայացուին Մանսուրեանէն շարք մը ստեղծագործութիւններ:

Համերգին գլխաւոր կատարողներն են՝ Մովսէս Պօղոսեան (ջութակ), Վարդի Մանուէլեան (ջութակ), Քիմ Քաշքաշեան (ջութ), Մայքըլ Քոֆմըն (թաւջութակ), Պորիս Ալլահվերդեան (քլարինեթ), Սթիւըն Վանհաուվարթ (դաշնամուր), Ճանըթըն Հեփֆըր (հարուածային գործիքներ) եւ «Գեղարդ» երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Վաչէ Պարսումեանի։

Համերգին տոմսերու սակը 20 եւ 35 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 15 տոլար: Տեղեր ապահովելու համար՝ դիմել (818) 500-9997 թիւին կամ այցելել www.dilijan.larkmusicalsociety.com կայքը: