Իրանի Ռազմական Կցորդը կը Վերահաստատէ Իր Երկրի Դիրքորոշումը Արցախեան Հիմնահարցին Վերաբերեալ

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան, Յունուար 17-ին, ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան (ԻԻՀ) դեսպանութեան ռազմական կցորդ Մահտի Վեճտանիին: Ըստ Yerkirmedia.am-ի՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ընթացիկ հարցերը եւ յառաջիկայ ծրագիրները: Կողմերը անդրադարձան նաեւ Յունուար 16-ին Իրանի բանակի սպայակոյտի պետ, զօրավար Մոհամմատ Պաղերիի՝ Ատրպէյճան կատարած այցելութեան եւ վերջինիս՝ Արցախի հիմնահարցին շուրջ արտայայտած դիրքորոշման վերաբերեալ ատրպէյճանական մամուլին մէջ շրջանառուող տեղեկատուութեան:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ ԻԻՀ ռազմական կցորդը վերահաստատեց բազմիցս արտայայտուած Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը արցախեան հիմնահարցին վերաբերեալ, ընդգծելով, որ այդ դիրքորոշումը որեւէ փոփոխութեան չէ ենթարկուած եւ մամուլին մէջ ներկայացուող տեղեկատւութիւնը ու անոր զանազան մեկնաբանութիւնները ճիշդ չեն: Շեշտելով երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները, կողմերը վստահութիւն յայտնեցին, որ յառաջիկային բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու եւ անոնց ընթացքին զանազան հարցերու շուրջ պաշտօնական դիրքորոշումներ արտայայտելու բազմաթիւ առիթներ պիտի ըլլան:

Այս առումով, Լեւոն Այվազեան եւ Մահտի Վեճտանի ընդգծեցին պաշտպանութեան ոլորտին մէջ յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը՝ ի նպաստ տարածաշրջանային կայունութեան, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման: