
25 Տարի ետք՝ Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցին կը նշէ Անուանակոչութեան տօնը
Անցնող շաբաթավերջին Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր: 25 տարի ետք` եկեղեցին կը նշէր Անուանակոչութեան տօնը։
Կիրակի, 13 Յունուար 2019-ին, Ճէզիրէի Հայոց առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Դոկտ. Ռուբէն աբղ. Նալպանտեան՝ ընկերակցութեամբ Գամիշլիի թաղականութեան եւ եկեղեցասիրաց տիկնանց յանձնախումբին՝ այցելեց Հասիչէ, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան։ Մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին հոգշ. հայր սուրբը փոխանցեց, Բերիոյ Հայոց թէմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի ողջիւններն ու շնորհաւորութիւնները:
Այնուհետեւ, ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ, Հայր Սուրբը նշեց Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի ծննդեան դրուագը: Անդրադառնալով Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին` Հոգշ. Հայր Սուրբը յիշեցուց, թէ եկեղեցին հաւատացեալներու խումբն է, որուն կառչած մնալով կառչած կը մնանք մեր կրօնքին եւ ազգութեան։ Եզրափակելով իր խօսքը` Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը գնահատեց կրկին անգամ հաւատքով եւ հայրենասիրութեամբ վերակենդանացած բայց միշտ զօրաւոր ձեւով կառչած իրենց բարոյական սկզբունքներուն գաղութի բոլոր զաւակները, յատկապէս թաղականութիւնը եւ բոլոր սպասաւորները, ինչպէս նաեւ Հասիչէի շրջանի հայկական բոլոր կառոյցներու պատասխանատուները` յանձնարարելով, որ եկեղեցւոյ տօնը առիթ հանդիսանայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն նոր եռանդով ծառայելու:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ փաշխում, որ ամբողջ գիշերուան ընթացքին կը պատրաստուէր տիկնանց յանձնախումբին ջանքեով։ Երրօրեայ այս այցելութեան ընթացքին՝ հայր սուրբը Գամիշլիի պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ այցելեց նաեւ ազգային դպրոց, ուր ներկայացուեցաւ յատուկ գեղարուեստական յայտագիր։ Այս աշակերտական յայտագիրը ներարեց հայոց լեզուով երգեր եւ արտասանութիւններ:
Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան
Հասիչէէն՝ յատուկ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի համար