Փայլան Հարցումներ Կ՚ուղղէ Թուրքիոյ Արդարադատութեան Նախարարին

Աշխարհ, Սփիւռք

Կա­րօ Փայ­լան հա­շիւ կը պա­հան­ջէ Ար­դա­րու­թեան նա­խարա­րէն՝ իր դէմ  Թուրք պատ­ժա­կան օրէն­քի 301-րդ յօ­դուա­ծով դա­տուե­լու ար­տօ­նու­թիւն տա­լուն պատ­ճա­ռով։

Փայ­լան իր ուղղած հար­ցումնագ­րին մէջ, նախ ընդգծած է, թէ Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան մէջ կա­րեւոր դե­րակա­տարու­թիւն ու­նե­ցած է այդ յօ­դուա­ծի բեր­մամբ դա­տապար­տո­ւիլը։ Ըստ պոլսահայ «Ակօս»-ի՝ ան նշած է, թէ Հրան­դի ուղղեալ բո­լոր ատե­լու­թեան պատ­գամնե­րու ետին շա­հագոր­ծո­ւած է այդ յօ­դուա­ծով սահ­մա­նուած պատ­ժի առ­կա­յու­թիւնը։ Յի­շած է, թէ լոկ այս երե­ւոյ­թով Եւ­րո­միու­թեան պատ­շա­ճելու գոր­ծընթա­ցին մէջ յօ­դուա­ծը վե­րատե­սու­թեան մատ­նո­ւած եւ այդ յօ­դուա­ծով դատ բա­նալու հա­մար պայ­ման դրո­ւած է Ար­դա­րադա­տու­թեան նա­խարա­րի թոյլտո­ւու­թիւնը։ Այսպէ­սով նա­խարա­րու­թիւնը պի­տի կրնար «զտիչ» գոր­ծօն մը դառ­նալ, այս տե­սակի դա­տերը եւ անոնց հե­տեւանքնե­րը կան­խե­լու հա­մար։

Կա­րօ Փայ­լան Ար­դա­րադա­տու­թեան նա­խարա­րին ուղղած է եօթը հար­ցում, որոնք կը վե­րաբե­րին այդ յօ­դուա­ծի շրջա­նակով 2008 թո­ւակա­նէն այս կողմ յա­րու­ցո­ւած հար­ցաքննու­թեան                      թոյլտ­ւու­թիւննե­րու, ար­գելքնե­րու, այդ շրջագ­ծով շա­րու­նա­կուող դա­տերու կամ ար­ձա­կուած վճիռ­նե­րու մա­սին։

Փայ­լան նաեւ հար­ցուցած է, թէ այդ շրջա­նակով ԵՄԻԱ-ի մէջ Թուրքիոյ դէմ յա­րու­ցո­ւած մե­ղադ­րանքնե­րը քա­նի՞ են եւ մին­չեւ օրս անոնց հա­մար ի՞նչ հա­տու­ցում կա­տարո­ւած է։