Ալեքսանդր Լափշին Ժամանած է Երեւան

Uncategorized, Աշխարհ, Հայաստան

Արցախ այցելելու համար Ատրպէյճանի մէջ դատապարտուած, սակայն աւելի ուշ ազատութիւն ստացած ռուս-իսրայէլցի էջատէր Ալեքսանդր Լափշին ֆէյսպուքեան իր պաշտօնական էջին մէջ յայտնած է Հայաստան ժամանելու մասին:

Ան նշած է, որ երկու ամիս Հայաստան պիտի մնայ:

«Վայրէջք կատարած են Երեւան: Տեղաւորուած եմ քաղաքի կեդրոնը գտնուող շքեղ բնակարանի մը մէջ: Առջեւը գրեթէ 2 ամիս Հայաստան եւ բազմաթիւ ծրագիրներ», – գրած է Լափշին:

Իր ծրագիրներուն մասին ան առայժմ չէ մանրամասնած:

Յիշեցնենք, որ էջատէր Ալեքսանդր Լափշին Ատրպէյճանի պահանջով ձերբակալուած էր Մինսկի մէջ 2016-ի Դեկտեմբեր 15-ին եւ Պաքուին արտայանձնուած 2017-ի Փետրուար 7-ին` Արցախ այցելելու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը քննադատելու համար: