
Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ Նոր Տօնածառ Կը Տեղադրուի
Նախորդ հանգստեան օրերուն սկսած են մայրաքաղաքի գլխաւոր տօնածառի տեղադրման աշխատանքները:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանը, 2005-էն ի վեր առաջին անգամ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ նոր տօնածառ պիտի զետեղուի:
«35+2 մեթր բարձրութամբ (գագաթին հետ միասին), հիմքը 14,4 մեթր տրամագիծով տօնածառը բարձր որակի արհեստական եղեւնիի ճիւղերէ կը պատրաստուի, պիտի զարդարուի շուրջ 200 քիլոմեթր երկարութեամբ լուսատու շղթաներով, 1500 խաղալիքներով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: