
Մարտական Դիրքին Մէջ Զինուոր Մը Նահատակուած է
Դեկտեմբեր 1-ին գիշերը ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան շրջանի մարտական դիրքին մէջ, մահացու հրազէնային վնասուածքով յայտնաբերուած է պայմանագրային զինծառայող Գոռ Աղուանի Սարգսեանը (1987-ի ծնունդ, զինուած ուժերու մէջ կը ծատայէր 2016-էն, Նոր Նորքի զ/կ):
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն, դէպքի հանգամանքները պարզելու նպատակով քննութիւն կը կատարուի:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ Գոռ Սարգսեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: