Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը Վերահաստատած է Արցախի Հարցը Քաղաքական Օրակարգի Վրայ Պահելու Անհրաժեշտութիւնը
2026 Նոյեմբեր 16-ին Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն ներս տեղի ունեցած է «Արցախ․ յանձնառութիւններ եւ հեռանկարներ» խորագիրով համաժողովը։ Անիկա կազմակերպուած էր Լուար բաժանմունքէն ընտրուած պատգամաւոր, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Էմանուէլ Մանտոնի նախաձեռնութեամբ։ Այս մասին կը յայտնէ ֆրանսական «Nouvelles d’Arménie» պարբերականը։
Համաժողովին մասնակցած են քաղաքական, լրագրողական, մշակութային եւ մարդասիրական ոլորտներու ներկայացուցիչներ։ Քննարկումներուն առանցքը եղած են Արցախի ապագան, արցախահայութեան իրաւունքները, ինքնութեան ու մշակութային ժառանգութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու հարցը։
Առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուած է Ֆրանսայի քաղաքական ուժերու դիրքորոշումներուն Արցախի հարցով՝ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններու ծիրէն ներս։ Քննարկման ներկայացուած են «Հանրապետականներ», «Անհնազանդ Ֆրանսա» եւ այլ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ։
Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան համաժողովի ամփոփիչ ելոյթին ընթացքին ընդգծած է, որ Արցախի յիշողութիւնը պահպանելու, 120 հազար բռնի տեղահանուած հայերու ինքնութիւնը պաշտպանելու եւ Արցախի ապագայի հեռանկարներ ձեւաւորելու համար անհրաժեշտ են հաւաքական ջանքեր։
Համաժողովի մասնակիցները փաստացի վերահաստատած են, որ Արցախի հարցը կը շարունակէ մնալ ֆրանսական քաղաքական օրակարգի վրայ՝ հակառակ ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ցեղական զտման եւ արցախահայութեան բռնի տեղահանման։




Համաժողովի մասին նիւթի հեղինակ՝ Անի Չաքմիշեան։ Լուսանկարները՝ Լիտիա Գասպարեան։
